Պահչելի. «Զանգեզուրի Միջանցք»-ը Իրականութեան Մէջ «Թուրանի Միջանցք»-ն Է»

«Զանգեզուրի միջանցք»-ով Կարսը կը միանայ Թուրքիստանի տափաստաններուն», Անգարայի մէջ յայտարարեց Թուրքիոյ մեծագոյն ազգայնական ուժի` «Ազգայնական շարժում» կուսակցութեան առաջնորդ, նախագահ Էրտողանի քաղաքական դաշնակից Տեւլեթ Պահչելին:

«Իրերը անհրաժեշտ է կոչել իրենց անունով: Զանգեզուրի միջանցքը իրականութեան մէջ Թուրանական միջանցքն է: Երբ անիկա բացուի, թրքական աշխարհի վերամիաւորման գաղափարը շատ աւելի յստակօրէն պիտի ուրուագծուի», ըսաւ Պահչելի` դիմելով իր կուսակցութեան պատգամաւորներուն: Ան կոչ ուղղեց պաշտօնական Երեւանին` չխոչընդոտելու ծրագիրի իրագործումին:

«Ղարաբաղը Ազրպէյճան է: Ասիկա ապացուցուած է թէ՛ ռազմի դաշտին մէջ` արեան միջոցով, թէ՛ բանակցային սեղանին շուրջ` իրաւական մեթոտներով: Եթէ Երեւանը խելամտութիւն ցուցաբերէ եւ ազնուօրէն մասնակցի շրջանային համագործակցութեան, թուրանական միջանցքէն օգուտներ պիտի քաղեն ոչ միայն Ազրպէյճանն ու Թուրքիան, այլ նաեւ Հայաստանը: Հակառակ պարագային, այդ երկիրը կրնայ մսխել վաղուան կարելիութիւնները` անցեալի կորսուած երազանքներուն կառչած մնալով», յայտարարեց ան:

Leave a Comment