Մոսկուա Կը Շեշտէ, Թէ ՕԹԱՆ-ի Քաղաքականութիւնը Հայաստանը Ռուսիայէն Հեռացնելն Է

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա, խօսելով «Արծիւ գործընկեր 2026» ռազմափորձին մասին (հայ-ամերիկեան երկարամեայ պաշտպանական համագործակցութեան ծիրին մէջ կայացող), յայտնեց, որ ՕԹԱՆ-ի նպատակն է շարունակել Հայաստանը իր աւանդական դաշնակից Ռուսիայէն հեռացնելու քաղաքականութիւնը:

«ՕԹԱՆ-ի երկիրներուն հետ նման միացեալ ռազմափորձերը միայն ափսոսանք կը պատճառեն: Յատկապէս մտահոգիչ է այն փաստը, որ այս ուսումնական ծրագիրներու իրականացումը Հայաստանի մէջ կը դառնայ համակարգային. անոնք տեղի կ՛ունենան ամէն տարի` 2023-էն  սկսեալ:

«Այսինքն` հայ զինուորականները կը պատրաստուին Ռուսիոյ դէմ պայքարելու համար: Կար ժամանակ մը, երբ նման բան անհաւանական էր, բայց հիմա ատիկա արդէն կը համապատասխանէ Հայաստանի ղեկավարութեան յայտարարութիւններուն, որ Երեւանը Մոսկուայի դաշնակիցը չէ Ուքրանիոյ մէջ: Արեւմուտքը կ՛ընկալէ այս ազդանշանները, եզրակացութիւններ կը կատարէ եւ կը սկսի Երեւանը տանիլ դէպի Ռուսիոյ հետ առճակատում», ըսաւ Զախարովա:

Ան շեշտեց, որ նման ռազմափորձերը կրնան վտանգել Երեւանի եւ Մոսկուայի միջեւ այս ոլորտին մէջ համագործակցութեան հեռանկարները` դիտել տալով, որ նման ռազմափորձեր ծրագրելու ատեն կարեւոր է հաշուի առնել շրջանի միւս երկիրներուն եւ անոնց դրացիներուն արձագանգները:

Զախարովա նաեւ ըսաւ, որ ՕԹԱՆ-ի անդամ որեւէ պետութեան կողմէ Ռուսիոյ որեւէ շրջանի վրայ յարձակումի պարագային, տրուած պատասխանը պիտի ըլլայ վճռական եւ անոնց համար կործանարար: «Անոնց պիտի օգնեն ոչ մէկ միջոց, ներուժ եւ պաշտպանական այլ գիծեր, զորս ունին, ինչպէս իրենք կը կոչեն ջոկատային հրամանատարներ, չեմ գիտեր` Արեւմուտքի հրամանատարները: Անոնք պէտք է գիտակցին, թէ ինչի՛ կը մղեն Եւրոպան նման յայտարարութիւններով եւ նման գործողութիւններով», աւելցուց Զախարովա:

Նախարարութեան ներկայացուցիչը նաեւ խօսեցաւ 10 յունիսի գիշերը անյայտ անձերու կողմէ վանտալութեան ենթարկուած Գիւմրիի Հայրենական պատերազմի «Մայր Հայաստան» յուշահամալիրի պղծման մասին` նշելով, որ Մոսկուան Երեւանին բողոքագիր յղեց այս առիթով:

«Այս սրբապիղծ արարքը ոչ թէ պարզապէս խուլիկանութիւն է, այլ նպատակաուղղուած յարձակում մեր երկիրներուն համար ընդհանուր պատմական յիշողութեան վրայ եւ Մեծ յաղթանակը պղծելու փորձ: Ի հարկէ, մենք բողոքագիր յղած ենք հայկական կողմին», ըսաւ ան:

Զախարովա նաեւ ստոր սուտ կոչեց հայկական լրատուամիջոցներուն փորձերը` Գիւմրիիի յուշահամալիրի պղծման պատասխանատուութիւնը բարդելու Ռուսիոյ վրայ:

 

Leave a Comment