Կեղծուած ընտրութիւններն ու նոր տարածքային զիջումներու կանխումը պիտի ըլլան միաւորուող ընդդիմութեան օրակարգային գլխաւոր հարցերը, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց ընդդիմադիր «Հայաստան» դաշինքի անդամ, ՀՅ Դաշնակցության Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան:
«Ընդդիմադիր ուժերու համախմբման» գործընթացի մասին նախանցեալ օր յայտարարած էր նաեւ «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար Սամուէլ Կարապետեան: «Այն ընդդիմադիր ուժերը, որոնց համար արժէքաւոր է մեր երկիրը, կ՛արձագանգեն, եւ մենք անպայման պիտի ստեղծենք յետընտրական ընդդիմադիր դաշինք», յայտարարած էր Սամուէլ Կարապետեան:
Իշխան Սաղաթէլեան իր կարգին նշեց. «Գաղափարը, որ առաջարկուած է, մենք ամբողջութեամբ ոչ միայն կը կիսենք, այլ այդ առաջարկով ասկէ առաջ բազմաթիւ անգամներ հանդէս եկած ենք, հետեւաբար ողջունելի է այս նախաձեռնութիւնը»:
«Հայաստան» դաշինքը կ՛ողջունէ «Ուժեղ Հայաստան»-ի համագործակցութեան առաջարկը: Թէ ի՞նչ ձեւաչափ պիտի ընտրուի` ընդդիմադիր դաշի՞նք (քոալիսիոն), թէ՞ կոմիտէ, Իշխան Սաղաթէլեան «Ազատութեան» հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ, որ պարզ պիտի դառնայ քննարկումներու ընթացքին:
Կարեւորը, ըստ Սաղաթէլեանի, այն է, որ համագործակցութեան նոր ձեւաչափը կարելիութիւն պիտի տայ ընդդիմադիր ուժերուն յետընտրական ժամանակաշրջանին շարք մը օրակարգային հարցերու շուրջ համագործակցիլ:
Ընդդիմութեան օրակարգին մէջ քանի մը հարցեր կան, Իշխան Սաղաթէլեանի ձեւակերպումով` «կեղծուած ընտրութիւնները, Փաշինեանի կողմէ Ազրպէյճանին կատարուելիք նոր տարածքային զիջումները եւ փլուզման առջեւ կանգնած տնտեսութիւնը»: