Պըրրի. «Կը Գտնուինք Յուլիոս Կեսարի Կողմէ Իշխուող Աշխարհի Մը Մէջ»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Ասաս Միտիա»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբի չորեքշաբթի օր գումարուած զինուորականներու եւ առանց քաղաքայիններու մասնակցութեան ժողովը «արդիւնք է այն բանին, որ ամերիկացիները խնդիր ստեղծեցին` անոր մէջէն ֆրանսացիները գործընկերի դերէն հեռացնելով, որպէսզի իրենք եւ Իսրայէլը կարենան անոր աշխատանքը մենաշնորհել եւ զայն խոչընդոտել: Վերջապէս, մենք եւ ամբողջ աշխարհը եղանք միակ կայսրին … Read more

Սալամ. «Յանձնառու Ենք Բանակի Մշակած Ծրագիրին, Որ Լիթանիէն Հարաւ Զէնքի Մենաշնորհումն Ու Այլ Շրջաններու Մէջ Անոր Օգտագործման Զսպումն Է»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ «Էմ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Մեր կառավարութեան նպատակը մարդոց վստահութիւնը վերաշահիլն է, եւ մէկ տարիէ ի վեր ատոր վրայ կ՛աշխատինք: Սիւննիական հրապարակին վրայ բազմազանութեան գոյութիւնը լաւ է»: Ան ըսաւ, որ կառավարութիւնը կառավարմանն մէջ շատ բան իրագործեց նշանակումներու, զէնքի մենաշնորհման ծրագիրին ու պատերազմի եւ խաղաղութեան որոշումի վերատիրացման ճամբով: «Առաջինն էի, որ … Read more

Մըրքոս. «Բանակը Աշխատանք Պիտի Տանի Լիթանի Գետէն Հիւսիս Զինաթափումի Ծրագիրի Պատրաստութեան Վրայ Եւ Զայն Փետրուարին Ներկայացնէ Կառավարութեան»

Նախարարաց խորհուրդը երէկ կէսօրէ առաջ Պաապտայի պալատին մէջ գումարեց իր նիստը, որուն աւարտին տեղեկատուութեան նախարար Փոլ Մըրքոս նշեց. «Նախագահ Ժոզեֆ Աուն կառավարութեան կազմութենէն ի վեր անոր ձեռքբերումներուն մասին խօսեցաւ ու զանոնք գնահատեց ըսելով. «Այն, ինչ որ իրագործեցինք, անոր մասին պատմութիւնը պիտի վկայէ, եւ պէտք է այս շունչով շարունակէք, եւ ամբողջ աշխարհը մեզի վստահած է»: Մըրքոս … Read more

Նեթանիահու. «Լիբանանեան Կառավարութեան Եւ Բանակին Ջանքերը Բաւարար Չեն»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու նշեց. «Լիբանանեան բանակին եւ կառավարութեան թափած ջանքերը քաջալերական սկիզբ են, սակայն ոչ բաւարար»: «Ամերիկայի միջնորդած զինադադարի համաձայնութիւնը յստակօրէն կը նշէ, որ պէտք է Հըզպալլան ամբողջովին զինաթափել», նշեց Իսրայէլի վարչապետը: «Հըզպալլան կը ջանայ վերազինուիլ եւ իրանեան աջակցութեամբ իր ենթակառոյցը վերակառուցել», աւելցուց Նեթանիահու: Իսրայէլեան բանակը հակադարձելով լիբանանեան բանակին զէնքի մենաշնորհման առաջին փուլի իրագործումը … Read more

Բանակը Զէնքի Մենաշնորհման Ծրագիրի Առաջին Փուլի Նպատակներու Իրագործումը Յայտարարեց

Լիբանանեան բանակը երէկ առտու հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց, որ զէնքի մենաշնորհման իր ծրագիրը «առաջին փուլի նպատակներուն գետնի վրայ ազդու եւ շօշափելի կերպով իրագործումէն ետք» մուտք գործած է յառաջադէմ փուլ, «բացի այն հողերէն եւ դիրքերէն, որոնք տակաւին իսրայէլեան բռնագրաւումի ենթակայ են»: Բանակը նշեց, որ շրջանին մէջ աշխատանքը տակաւին կը շարունակուի` ամբողջացնելու համար չպայթած զինամթերքներու եւ փապուղիներու … Read more

Արաղչի. «Լիբանանի Հետ Համապարփակ Գործակցութեան Յարաբերութիւններու Հաստատումը Կ՛ուզեմ»

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի երէկ քաղաքական եւ տնտեսական պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ այցելեց Պէյրութ` հանդիպում ունենալու համար լիբանանցի պաշտօնատարներու հետ: Ան հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, վարչապետ Նաուաֆ Սալամի, արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ Ռաժժիի եւ տնտեսութեան նախարար Ամեր Պսաթի հետ: Ան նաեւ հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտելլաթիֆ Տրիանի … Read more

Միացեալ Նահանգներ Ողջունեցին Կառավարութեան Բարեկարգչական Քայլերը, Ներառեալ Ելեւմտական Բացի Օրինագիծի Վաւերացումը

Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ կ՛ողջունեն «վարչապետ Նաուաֆ Սալամի որդեգրած բարեկարգչական քայլերը, ներառեալ նախարարաց խորհուրդին կողմէ ելեւմտական բացի օրինագիծի վաւերացումը, ինչ որ կը նպաստէ միջազգային ելեւմտական հաստատութիւններու, ներառեալ Միջազգային դրամատունն ու Միջազգային դրամական ֆոնտը, լիբանանեան տնտեսութեան նկատմամբ վստահութեան վերականգնման, եւ անոր առողջացման կ՛օգնէ»: «Այս բարեկարգումները լիբանանեան դրամանատնային համակարգին … Read more

Պու Ֆաուր Ընտրութիւններու Երկու Ամիս Յետաձգման Մասին Կը Խօսի

Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ուաէլ Ապու Ֆաուր նշեց. «Հետզհետէ աւելի գերակայ կը դառնան երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարելու անհրաժեշտութեան գաղափարն ու սկզբունքը: Նախապէս ընտրութիւններու յետաձգման մասին խօսող բոլոր տարբերակներուն մասին արձագանգները հետզհետէ կը տկարանան: Գոյութիւն ունի ուղղուածութիւն մը ընտրութիւնները ուշացնելու, որ կրնայ թեքնիք պատճառներով մէկ կամ երկու ամիս ըլլալ` արտերկրի լիբանանցիներու քուէարկութեան լուծում մը գտնելու համար, … Read more

Շիի Իսլամական Գերագոյն Խորհուրդը Դատապարտեց Շիի Համայնքին Վրայ Յարձակումը Եւ Պահանջեց Վերջ Տալ Կեղտոտութեան

Շիի իսլամական գերագոյն խորհուրդը յայտնեց, որ որոշ ատենէ կը նշմարէ լրատուամիջոցներու եւ ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներու ճամբով քաղաքական ու տեղեկատուական արշաւներ, որոնք դիտաւորեալ կերպով կը վատաբանեն ու յարձակում կը գործեն շիի համայնքին, անոր հաւատամքին եւ Լիբանանի ու աշխարհի վրայ անոր կրօնական հեղինակութիւններուն վրայ: Խորհուրդը նշեց, որ իսրայէլեան շարունակուող եւ մագլցում արձանագրող յարձակումին լոյսին տակ հայրենիքին դիմագրաւած … Read more

Ապտալլա. «Ելեւմտական Բացի Նախագիծին Եւ Տնտեսական Խորհուրդներուն Ու Դրամատուներուն Միջեւ Տարակարծութիւնը Պահեստի Գումարի Ծաւալին Ու Ճգնաժամի Որակման Շուրջ Է»

Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Պիլալ Ապտալլա նշեց. «Յստակ կերպով կ՛երեւի, թէ կառավարութեան ելեւմտական բացի նախագիծին ու տնտեսական խորհուրդներուն եւ դրամատուներուն միջեւ տարակարծութիւնը երկու կէտի վրայ է` 9 միլիառ տոլարը, որ ծաւալն է պարտադիր պահեստի գումարին, որ պահ դրուած գումարներու սեփականատէրերուն կը պատկանի եւ ոչ թէ անոնց երկուքին, ինչպէս նաեւ ճգնաժամի համակարգային կամ համապարփակ որակումն … Read more