Նեթանիահու. «Լիբանանեան Կառավարութեան Եւ Բանակին Ջանքերը Բաւարար Չեն»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու նշեց. «Լիբանանեան բանակին եւ կառավարութեան թափած ջանքերը քաջալերական սկիզբ են, սակայն ոչ բաւարար»:

«Ամերիկայի միջնորդած զինադադարի համաձայնութիւնը յստակօրէն կը նշէ, որ պէտք է Հըզպալլան ամբողջովին զինաթափել», նշեց Իսրայէլի վարչապետը:

«Հըզպալլան կը ջանայ վերազինուիլ եւ իրանեան աջակցութեամբ իր ենթակառոյցը վերակառուցել», աւելցուց Նեթանիահու:

Իսրայէլեան բանակը հակադարձելով լիբանանեան բանակին զէնքի մենաշնորհման առաջին փուլի իրագործումը յայտարարող հաղորդագրութեան յայտնեց. «Հըզպալլան տակաւին Լիթանի գետէն հարաւ ներկայ է»:

Իսրայէլեան բանակը աւելցուց, որ լիբանանեան բանակին հաղորդագրութիւնը «իրականութեան չի համապատասխաներ»:

Նախքան այդ, իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը պնդեց, թէ լիբանանեան բանակի հրամանատարին ներկայացուցածը «ճիշդ չէ», եւ Իսրայէլ կը պատրաստուի լայնածաւալ քայլի մը, որ պիտի թիրախաւորէ լիբանանեան բեմն ու միջազգային ընտանիքը` հերքելու համար լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան հրապարակած «ապակողմնորոշող պնդումները»:

Ըստ օրաթեթին, իսրայէլեան բանակէն աղբիւրներ կը նշեն, թէ ներքին գնահատումները ցոյց կու տան, թէ Իսրայէլ կրնայ հետագային ստիպուիլ լիբանանեան հողերուն մէջ լայնածաւալ գործողութիւն մը կատարել, իսրայէլեան բանակը աւարտած է յարձակողական ծրագիրներու պատրաստութիւնը, եւ գործողութեան պահը կախեալ է քաղաքական որոշումէն:

 

Leave a Comment