Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ «Էմ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Մեր կառավարութեան նպատակը մարդոց վստահութիւնը վերաշահիլն է, եւ մէկ տարիէ ի վեր ատոր վրայ կ՛աշխատինք: Սիւննիական հրապարակին վրայ բազմազանութեան գոյութիւնը լաւ է»:
Ան ըսաւ, որ կառավարութիւնը կառավարմանն մէջ շատ բան իրագործեց նշանակումներու, զէնքի մենաշնորհման ծրագիրին ու պատերազմի եւ խաղաղութեան որոշումի վերատիրացման ճամբով:
«Առաջինն էի, որ ըսի, թէ ելեւմտական բացի օրինագիծը իտէալական լուծումը չէ, սակայն անհրաժեշտ է, որովհետեւ կարելի չէ այս ընթացքով շարունակել, եւ պէտք է մէկը պատասխանատուութիւն ստանձնէ», յայտնեց վարչապետը:
Սալամ յայտարարեց, որ աւելի քան 400 հազար սուրիացիներ իրենց երկիրը վերադարձած են:
«Յանձնառու ենք բանակի մշակած ծրագիրին, որ Լիթանիէն հարաւ զէնքի մենաշնորհումն է եւ այլ շրջաններու մէջ անոր օգտագործման զսպումը», շեշտեց վարչապետը:
Սալամ յայտնեց, որ Դիմադրութեան դերը աւարտեցաւ 2000 թուականին` հարաւային Լիբանանի ազատագրումով, եւ այսօր Լիբանանը պաշտպանողը պետութիւնն ու բանակն են:
Ան ըսաւ, որ զէնքի մենաշնորհումը ի շահ բոլորին է եւ ոչ ոքի դէմ ուղղուած է:
«Մենք այս կառավարութեան մէջ «զէնքի մենաշնորհում»-ի հարցը չհնարեցինք. ատիկա Թաէֆի համաձայնագիրին մէջ նշուած է` «պետութեան իշխանութիւնը լիբանանեան բոլոր հողերուն վրայ իր սեփական ուժերով տարածում» արտայայտութեան մէջ», յայտնեց վարչապետը:
Անդրադառնալով Ռաուշէի միջադէպին` Սալամ ըսաւ. «Ինծի յիշեցուցիր, որ «մէկ պետութիւն չկայ, եթէ մէկ օրէնք չկայ», եւ մեծագոյն կորուստ կրողը Հըզպալլան էր, որովհետեւ օրին իր խոստացածը չյարգելով իր հաւաստիութիւնը կորսնցուց»: