Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի երէկ քաղաքական եւ տնտեսական պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ այցելեց Պէյրութ` հանդիպում ունենալու համար լիբանանցի պաշտօնատարներու հետ:
Ան հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, վարչապետ Նաուաֆ Սալամի, արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ Ռաժժիի եւ տնտեսութեան նախարար Ամեր Պսաթի հետ: Ան նաեւ հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտելլաթիֆ Տրիանի եւ Շիի իսլամական գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպի հետ:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարը Պէյրութի միջազգային օդակայանէն յայտարարեց, որ իր այցելութեան հիմնական նպատակը շրջանային եւ միջազգային տարբեր հարցեր քննարկելն է:
«Մեր շրջանը սիոնական գոյացութեան կողմէ բազմաթիւ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ: Անցնող երկու տարիներու ընթացքին ականատես դարձանք եօթը երկիրներու, ներառեալ Լիբանանը եւ Իրանը, Իսրայէլի կողմէ յարձակումի ենթարկուելուն», ըսաւ ան:
«Տակաւին զաւթիչ գոյացութեան բռնագրաւման տակ գտնուող լիբանանեան հողեր գոյութիւն ունին, եւ կը տեսնենք, թէ սիոնական գոյացութիւնը կը խախտէ Լիբանանի մէջ զինադադարի համաձայնութեան նկատմամբ իր յանձնառութիւնները», աւելցուց Արաղչի:
«Լիբանան շրջանին մէջ կարեւոր ու ազդեցիկ է, եւ ականաւոր դերակատարութիւն ունի: Իրան շրջանի բոլոր կառավարութիւններուն ու պետութիւններուն հետ կը խորհրդակցի, եւ այցելութիւնս Լիբանանի համար կարեւորագոյն պահու տեղի կ՛ունենայ», շեշտեց իրանեան դիւանագիտութեան պետը:
Ան ըսաւ, որ իր նպատակներէն մէկը Լիբանանի եւ Իրանի միջեւ գոյութիւն ունեցող յարաբերութիւններու ամրապնդումն է:
«Լիբանանի հետ համապարփակ գործակցութեան յարաբերութիւններու հաստատումը կ՛ուզեմ», յայտարարեց Արաղչի` նշելով. «Կը զօրակցիմ Լիբանանի գերիշխանութեան եւ ազգային միասնականութեան»:
«Լիբանան այցելութեանս ընթացքին տարբեր ոլորտներու մէջ փոխադարձ գործակցութեան տարբեր երեսները պիտի քննարկենք: Լիբանանի հետ առեւտրական շրջանառութիւնը հասաւ 110 միլիոն տոլարի: Մենք մտադիր ենք փոխադարձ յարգանքի եւ հասարակաց շահերու հիմամբ ամրապնդել Լիբանանի հետ յարաբերութիւնները», աւելցուց ան:
«Ամերիկան եւ Իսրայէլը Իրանի վրայ յարձակումի փորձառութիւնը ունեցան, եւ անոնց ռազմավարութիւնը կատարեալ ձախողութեան մատնուեցաւ», նշեց ան` աւելցնելով. «Մենք պատրաստ ենք որեւէ կարգավիճակի եւ պատերազմ չենք ուզեր, սակայն անոր պատրաստ ենք, նաեւ պատրաստ ենք բանակցելու», ըսաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարը:
«Պատրաստ ենք Միացեալ Նահանգներու հետ փոխադարձ յարգանքի եւ փոխադարձ շահերու հիմամբ բանակցելու», շեշտեց Արաղչի: