Լիբանանեան բանակը երէկ առտու հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց, որ զէնքի մենաշնորհման իր ծրագիրը «առաջին փուլի նպատակներուն գետնի վրայ ազդու եւ շօշափելի կերպով իրագործումէն ետք» մուտք գործած է յառաջադէմ փուլ, «բացի այն հողերէն եւ դիրքերէն, որոնք տակաւին իսրայէլեան բռնագրաւումի ենթակայ են»:
Բանակը նշեց, որ շրջանին մէջ աշխատանքը տակաւին կը շարունակուի` ամբողջացնելու համար չպայթած զինամթերքներու եւ փապուղիներու դարմանումը, ինչպէս նաեւ վերահսկողութեան ամրապնդման համար` «զինեալ խմբաւորումներուն իրենց կարողութիւնները վերականգնելը անդառնալի կերպով արգիլելու նպատակով»:
«Լիբանանի տարածքին Իսրայէլի շարունակական յարձակումները եւ անոր քանի մը վայրերու բռնագրաւումը, որոշակի տարածքներ մուտքը սահմանափակող արգելակիչ գօտիներու ստեղծումը, ինչպէս նաեւ 27 նոյեմբեր 2024-ին կնքուած զինուորական գործողութիւններու դադրեցման մասին համաձայնագիրի ամէնօրեայ խախտումները բացասաբար կ՛անդրադառնան պահանջուող առաջադրանքներու կատարման վրայ, մասնաւորաբար` այդ տարածքներուն մօտ: Ասիկա իր կարգին կը խոչընդոտէ Լիբանանի պետութեան իշխանութեան տարածման եւ զինեալ ուժերու կողմէ զէնքի առանց բացառութեան մենաշնորհման առաջադրանքներուն իրագործումը: Աւելի՛ն, բանակի համար խոստացուած զինուորական կարողութիւններու ուշացած ժամանումը էական գործօն մըն է, որ կ՛ազդէ առաջադրանքներու կատարման կշռոյթին վրայ», նշեց լիբանանեան բանակը:
«Այս գործօններու համադրումը կը պահանջէ անյապաղ եւ լուրջ ուշադրութիւն, որովհետեւ անոնք կը ներկայացնեն հիմնական տարրեր բանակին կարելիութիւն տալու սահմանուած ծրագիրին համաձայն կատարելու իր խնդիրները` պատասխանատու, աստիճանական եւ համակարգուած ձեւով, ազգային գերակայ շահերու պահանջներուն համապատասխան, ինչպէս նաեւ պահպանելու գերիշխանութիւնն ու կայունութիւնը», շեշտեց բանակը:
«Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ժամանակաւոր ուժերու (ՖԻՆԻՒԼ) եւ զինադադարի հսկողութեան մեքանիզմի յանձնախումբին հետ աշխատանքը կը շարունակուի, ինչ որ կը նպաստէ Լիթանի գետէն հարաւ գտնուող տարածքին մէջ կայունութեան ամրապնդման: Այս ծիրին մէջ բանակը շնորհակալութիւն կը յայտնէ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն մաս կազմող երկիրներուն եւ կը գնահատէ Մեքանիզմի յանձնախումբի ծիրին մէջ ամերիկեան եւ ֆրանսական խումբերու աշխատանքը», նշեց լիբանանեան բանակը:
Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով զօրակցութիւն յայտնեց բանակին հրապարակած հաղորդագրութեան:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր կարգին հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով զօրակցութիւն յայտնեց բանակի հաղորդագրութեան, իսկ վարչապետ Նաուաֆ Սալամ նախարարաց խորհուրդի ժողովի աւարտէն ետք գնահատեց «լիբանանեան բանակին, հրամանատարութեան, սպաներուն եւ անդամներուն զէնքի մենաշնորհման եւ պետութեան իր սեփական ուժերով իշխանութեան ամբողջ լիբանանեան հողերուն վրայ հաստատման որոշումի գործադրութեան բանակի ծրագիրին առաջին փուլին գործադրութիւնը աւարտելու համար թափած մեծ ջանքերը»: