Միացեալ Նահանգներ Ողջունեցին Կառավարութեան Բարեկարգչական Քայլերը, Ներառեալ Ելեւմտական Բացի Օրինագիծի Վաւերացումը

Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ կ՛ողջունեն «վարչապետ Նաուաֆ Սալամի որդեգրած բարեկարգչական քայլերը, ներառեալ նախարարաց խորհուրդին կողմէ ելեւմտական բացի օրինագիծի վաւերացումը, ինչ որ կը նպաստէ միջազգային ելեւմտական հաստատութիւններու, ներառեալ Միջազգային դրամատունն ու Միջազգային դրամական ֆոնտը, լիբանանեան տնտեսութեան նկատմամբ վստահութեան վերականգնման, եւ անոր առողջացման կ՛օգնէ»:

«Այս բարեկարգումները լիբանանեան դրամանատնային համակարգին նկատմամբ վստահութեան վերականգնման ուղղութեամբ կարեւոր քայլեր են, ինչպէս նաեւ դրական յառաջընթաց են, որոնք երկար ժամկէտի վրայ կը նպաստեն Լիբանանի շահերուն եւ կ՛օգնեն միջազգային ներդրումներու ներգրաւման», նշեցին Միացեալ Նահանգները:

 

Leave a Comment