Շիի իսլամական գերագոյն խորհուրդը յայտնեց, որ որոշ ատենէ կը նշմարէ լրատուամիջոցներու եւ ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներու ճամբով քաղաքական ու տեղեկատուական արշաւներ, որոնք դիտաւորեալ կերպով կը վատաբանեն ու յարձակում կը գործեն շիի համայնքին, անոր հաւատամքին եւ Լիբանանի ու աշխարհի վրայ անոր կրօնական հեղինակութիւններուն վրայ:
Խորհուրդը նշեց, որ իսրայէլեան շարունակուող եւ մագլցում արձանագրող յարձակումին լոյսին տակ հայրենիքին դիմագրաւած դժուար պայմաններուն մէջ ետ կանգնած է այդ կեցուածքներուն հակադարձելէ եւ ակնկալած, որ քաղաքական եւ արդարադատական իշխանութիւնները անոնց նկատմամբ վճռական կեցուածք կ՛որդեգրեն, սակայն վերջիններս լուռ մնացած են:
Շիիներու իսլամական գերագոյն խորհուրդը դատապարտեց «ներքին եւ արտաքին քաղաքական կամքերու հիմամբ այս աժան ու վարձուած կեցուածքները»` առնչակից իշխանութիւններէն պահանջելով իրենց ազգային ու սահմանադրական պարտաւորութիւնները կատարելով վերջ տալ այս կեղտոտութեան, «որ ամէն սահման անցաւ»:
Խորհուրդը զգուշացուց անոնց շարունակումէն եւ նշեց, որ ինքիրեն կը վերապահէ անոնց վերաբերեալ իրաւական քալերու որդեգրման իրաւունքը: