Պու Ֆաուր Ընտրութիւններու Երկու Ամիս Յետաձգման Մասին Կը Խօսի

Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ուաէլ Ապու Ֆաուր նշեց. «Հետզհետէ աւելի գերակայ կը դառնան երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարելու անհրաժեշտութեան գաղափարն ու սկզբունքը: Նախապէս ընտրութիւններու յետաձգման մասին խօսող բոլոր տարբերակներուն մասին արձագանգները հետզհետէ կը տկարանան: Գոյութիւն ունի ուղղուածութիւն մը ընտրութիւնները ուշացնելու, որ կրնայ թեքնիք պատճառներով մէկ կամ երկու ամիս ըլլալ` արտերկրի լիբանանցիներու քուէարկութեան լուծում մը գտնելու համար, սակայն հաստատօրէն կ՛ուղղուինք դէպի երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացում, եւ անոնք անխուսափելի կերպով տեղի պիտի ունենան»:

Երեսփոխանը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ կառավարութիւնը տարբեր ոլորտներու մէջ մեծ ու հսկայական ջանք կը թափէ եւ կը փորձէ իր տրամադրութեան տակ գտնուող կարելիութիւններու սահմաններուն մէջ իր կարելին ընել գոյութիւն ուղեցող թղթածրարներու կարգաւորման համար:

Ապու Ֆաուր մտավախութիւն յայտնեց Սուրիոյ նախկին վարչակարգի մնացորդին կողմէ Լիբանանի մէջ սադրանքի հրահրման նկատմամբ` նշելով, որ ատիկա Լիբանանի եւ Սուրիոյ կայունութեան իսկական սպառնալիք է:

 

 

Leave a Comment