Նախարարաց խորհուրդը երէկ կէսօրէ առաջ Պաապտայի պալատին մէջ գումարեց իր նիստը, որուն աւարտին տեղեկատուութեան նախարար Փոլ Մըրքոս նշեց. «Նախագահ Ժոզեֆ Աուն կառավարութեան կազմութենէն ի վեր անոր ձեռքբերումներուն մասին խօսեցաւ ու զանոնք գնահատեց ըսելով. «Այն, ինչ որ իրագործեցինք, անոր մասին պատմութիւնը պիտի վկայէ, եւ պէտք է այս շունչով շարունակէք, եւ ամբողջ աշխարհը մեզի վստահած է»:
Մըրքոս նշեց, որ նախագահ Աուն յայտարարած է. «Լիբանան Սուրիոյ դէմ որեւէ թշնամական արարքի մեկնակէտ պիտի չըլլայ»:
Տեղեկատուութեան նախարարը աւելցուց, որ նախարարաց խորհուրդը վաւերացուցած է իր օրակարգին վրայ գտնուող կէտերուն մեծամասնութիւնը եւ կը հետեւի պետական մարզի պաշտօնեաներ ու ուսուցիչներու հարցին, եւ այդ առնչութեամբ յատուկ նիստ մը պիտի գումարէ:
«Նախարարաց խորհուրդը դրուատեց Լիթանի գետէն հարաւ շրջանին բանակի գործնական վերահսկման, Լիթանի գետէն հիւսիս զէնքի օգտագործումը զսպելու, սահմաններու վերահսկման, մաքսանենգութեան արգիլման եւ թմրեցուցիչներու ու ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ջանքերը` շեշտը դնելով կարելի արագութեամբ ծրագիրը իր բոլոր փուլերով գործադրել շարունակելու վրայ», աւելցուց տեղեկատուութեան նախարարը:
«Բանակի հրամանատարութիւնը աշխատանք պիտի տանի Լիթանի գետէն հիւսիս զինաթափումի ծրագիրի պատրաստութեան վրայ եւ զայն յառաջիկայ փետրուարին պիտի ներկայացնէ նախարարաց խորհուրդին», նշեց ան:
«Մենք զէնքի մենաշնորհման ծրագիրին մէջ յառաջ կ՛ընթանանք, եւ բանակի հրամանատարը պիտի վերարժեւորէ յառաջիկայ փուլերու ընթացքին բանակի կարիքները», յայտնեց Մըրքոս:
«Բանակը կը գործադրէ Լիթանի գետէն հիւսիս զէնքի օգտագործումը զսպելու առաքելութիւնը, որ լիբանանեան բոլոր հողերուն վրայ պիտի ամրապնդուի», շեշտեց ան: