Սալամի Հետ Հանդիպումէն Ետք. Մաքրոն. «Լիբանանի Կողքին Կը Կանգնինք` Պաշտպանելու Համար Անոր Գերիշխանութիւնը»

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն երէկ Էլիզէի պալատին մէջ վարչապետ Նաուաֆ Սալամը ընդունելէ ետք յայտնեց. «Ֆրանսան մեր բարեկամ երկրին` Լիբանանի կողքին կը կանգնի` պաշտպանելու համար անոր գերիշխանութիւնը, աջակցելու համար անոր զինեալ ուժերուն եւ անոր վերականգնումին անհրաժեշտ բարեկարգումներուն համընթաց ընթանալու համար»: «Փարիզի մէջ կը պատրաստենք լիբանանեան զինեալ ուժերուն աջակցելու խորհրդաժողով, որուն նպատակը ամրապնդելն է կարողութիւններն ու հիմնական … Read more

Սալամ. «Մօտ Օրէն Ռիատի Մէջ Սէուտական Արաբիոյ Հետ Համաձայնութիւններ Պիտի Կնքենք»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Պըն Ֆարհանի հետ քննարկեցի Լիբանանի զարգացումները»: «Մօտ օրէն Ռիատի մէջ Սէուտական Արաբիոյ հետ համաձայնութիւններ պիտի կնքենք», յայտարարեց ան: Սալամ Տաւոսի մէջ ժողով գումարեց Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Պըն Ֆարհան իշխանին հետ եւ զայն տեղեակ պահեց կառավարութեան բարեկարգչական աշխատանքներուն ու … Read more

Սալամ Հանդիպում Ունեցաւ Միջազգային Դրամական Ֆոնտի Ընդհանուր Տնօրէնին Հետ

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Տաւոսի Միջազգային տնտեսական ֆորումի ծիրին մէջ հանդիպում ունեցաւ Միջազգային դրամական ֆոնտի ընդհանուր տնօրէն Քրիսթալինա Ճորճիեւայի հետ` ներկայութեամբ ելեւմուտքի նախարար Եասին Ժապերի եւ տնտեսութեան նախարար Ամեր Պսաթի: Մեծապէս դրական եւ շինիչ քննարկումով հանդիպումի ընթացքին Սալամ ներկայացուց կառավարութեան ձեռնարկած բարեկարգչական աշխատանքները: Վարչապետը այս ծիրին մէջ նշեց, որ ելեւմտական բացի օրինագիծը կը հաստատէ հաշուետուութեան սկզբունքը … Read more

Շէյխ Քապալան Պետութիւնը Կ՛ամբաստանէ Հարաւը, Պեքան Ու Հարաւային Արուարձանները Լքելու Յանցանքով

Ժաաֆարականներու միւֆթի շէյխ Ահմետ Քապալան ուրբաթօրեայ նամազի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Ամենայն անկեղծութեամբ, լիբանանեան պետութիւնը վերստին կը կատարէ իր պատմական դերակատարութիւնը` դիտաւորեալ, նպատակաւոր եւ բացայայտ կերպով Պեքան, Հարաւը եւ Հարաւային արուարձանները լքելով: «Կը ցաւինք ըսելու, որ կան մարդիկ, որոնք կ՛ուզեն վերացնել կամ չէզոքացնել շիի համայնքը, եւ պետութիւնը խստօրէն կը մեղադրուի այս հարցին մէջ: … Read more

Պայրագտարեան Ընդունեց Սապունճեանն Ու Մըրը

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան երէկ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց նախկին նախարար Վրէժ Սապունճեանն ու Կապրիէլ Մըրը: Բարեկամական հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան ընդհանուր հարցեր: Հանդիպումը նաեւ առիթ մը եղաւ ներկայացնելու նախարարութեան ծրագիրները եւ անցեալ տարուան ընթացքին կատարած աշխատանքը, ինչպէս նաեւ այն նախաձեռնութիւններն ու խորհրդաժողովները, զորս կը պատրաստէ այս տարուան համար:  

Արդարադատութիւնը Դէմ Կը Կանգնի Հանրապետութեան Նախագահը Վիրաւորելու Արշաւին

Արդարադատութիւնը սկսաւ հետապնդման ենթարկել Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունը վիրաւորելու արշաւին մեղսակիցները, որոնք զինք կը քննադատեն զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելուն կառչելու համար: Նախագահը Լիբանանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններուն առջեւ արտասանած իր խօսքին մէջ նշած էր, որ լիբանանեան բանակը Լիթանիէն հարաւ գտնուող շրջանը «մաքրեց» ապօրինի զէնքէն: Այդ եզրը զայրացուցած էր Հըզպալլայի համակիրները եւ նոյն գիշերը անոնցմէ հարիւրաւորներ Հարաւային … Read more

Պու Սաապ. «Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Տեղի Պիտի Ունենան»

Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ ներկայ ընտրական օրէնքը որակեց «կաղ, համայնքայնութիւնը ամրագրող, եւ գործնական գետնի վրայ ցոյց տուաւ, թէ բազմաթիւ բացեր կը բովանդակէ: Անոր բարեփոխումը կամ փոփոխութիւնը կ՛ենթադրէ ընտրութիւններու ժամկէտի ճշդում, եւ ատոր շուրջ պէտք է ներքին համախոհութիւն ըլլայ, բան մը, որ ապահովուած չէ»: «Գնդակը կառավարութեան դաշտն է, եւ ոչ թէ` խորհրդարանին, եւ անիկա պէտք … Read more

Հայտար. «Նախագահ Աունի Խօսքին Նկատմամբ Նկատողութիւններ Ունինք»

Աշխատանքի նախարար Մոհամետ Հայտար դատապարտեց Իսրայէլի յարձակումները, որոնք կը կատարուին զէնքի պահեստանոցներ թիրախաւորելու պատրուակով, սակայն ետքը ի յայտ կու գայ, թէ անոնք անզէն քաղաքացիներու պատկանող վայրեր են: Ան այս մասին յայտնեց «Էմ.Թի.Վի.»-ի հետ զրոյցի ընթացքին: «Ցաւօք, հարաւային Լիբանանի ժողովուրդը ո՛չ այսօր, ո՛չ ալ նախապէս չզգաց, թէ պետութիւնը իրեն հետ է, եւ երբ կ՛ըսուի, թէ բանակը … Read more

Քոնկրեսական Ուիլսըն. «Պէտք Է Ամէն Ջանք Թափել Երաշխաւորելու Համար Լիբանանի Կառավարութեան Կայունութիւնը»

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամ Ճօ Ուիլսըն «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Հըզպալլայի զինաթափման կարելիութեան նկատմամբ լաւատես եմ, եւ պէտք է ամէն ջանք թափել` երաշխաւորելու համար Լիբանանի կառավարութեան կայունութիւնը»: Միւս կողմէ, ան նշեց. «Սուրիոյ կառավարութեան եւ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն միջեւ համաձայնութիւնը Սուրիոյ գերիշխանութեան ու կայունութեան համար օգտակար է»:    

Սալամ Նախարարներուն. «Ան Որ Կ՛ուզէ Ընտրութիւններուն Իր Թեկնածութիւնը Առաջադրել, Թող Կառավարութենէն Հեռանայ»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Տաւոսի մէջ «Պլումպըրկ» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ շարք մը հանդիպումներ ունեցած է միջազգային գործընկերներու հետ, որոնց շարքին ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերու բարձր յանձնակատարութեան ու Միջազգային դրամատան շինարարութեան եւ կառուցման նախագահին հետ, եւ հանդիպում պիտի ունենայ նաեւ Միջազգային դրամական ֆոնտի նախագահ Քրիսթալինա Ճորճիեւայի հետ: Սալամ ըսաւ, որ Միջին Արեւելքին յատկացուած նիստերուն … Read more