Սալամի Հետ Հանդիպումէն Ետք. Մաքրոն. «Լիբանանի Կողքին Կը Կանգնինք` Պաշտպանելու Համար Անոր Գերիշխանութիւնը»

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն երէկ Էլիզէի պալատին մէջ վարչապետ Նաուաֆ Սալամը ընդունելէ ետք յայտնեց. «Ֆրանսան մեր բարեկամ երկրին` Լիբանանի կողքին կը կանգնի` պաշտպանելու համար անոր գերիշխանութիւնը, աջակցելու համար անոր զինեալ ուժերուն եւ անոր վերականգնումին անհրաժեշտ բարեկարգումներուն համընթաց ընթանալու համար»:

«Փարիզի մէջ կը պատրաստենք լիբանանեան զինեալ ուժերուն աջակցելու խորհրդաժողով, որուն նպատակը ամրապնդելն է կարողութիւններն ու հիմնական դերակատարութիւնը, որ կը կատարէ ի սպաս Լիբանանի կայունութեան ու գերիշխանութեան», նշեց Ֆրանսայի նախագահը:

«Ֆրանսան ու Լիբանանը ունին հասարակաց նոյն պահանջը` զինադադարը յարգել, կայունութիւնը, եւ Մերձաւոր Արեւելքի եւ Միջին Արեւելքի մէջ տեւական խաղաղութեան հաստատումը», ըսաւ Մաքրոն:

Սալամ «Էլ.Պի.Սի.»-ին յայտնեց. «Ֆրանսայի նախագահի Էմանուել Մաքրոնի հետ քննարկումը կեդրոնացաւ բանակին եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն աջակցութեան խորհրդաժողովին, զայն 5 մարտին ճշդուած ժամկէտին յաջողցնելու համար բոլոր պայմաններու ապահովման վրայ»:

«Քննարկումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբի նիւթին եւ անոր շարունակման ու իսրայէլեան յարձակումներուն վերջ տալու ազդու դեր խաղալուն անհրաժեշտութեան: Նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ տարազներու, զորս կարելի է կիրարկել այս տարուան աւարտին ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան աւարտէն ետք», ըսաւ վարչապետը:

«Մաքրոն զօրակցութիւն յայտնեց կառավարութեան բարեկարգումներուն, մասնաւորաբար ելեւմտական բացի օրինագիծին, նաեւ զօրակցութիւն յայտնեց զէնքի մենաշնորհումին փուլերը շարունակելու կառավարութեան քաղաքականութեան», յայտնեց Սալամ:

Leave a Comment