Սալամ. «Մօտ Օրէն Ռիատի Մէջ Սէուտական Արաբիոյ Հետ Համաձայնութիւններ Պիտի Կնքենք»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Պըն Ֆարհանի հետ քննարկեցի Լիբանանի զարգացումները»:

«Մօտ օրէն Ռիատի մէջ Սէուտական Արաբիոյ հետ համաձայնութիւններ պիտի կնքենք», յայտարարեց ան:

Սալամ Տաւոսի մէջ ժողով գումարեց Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Պըն Ֆարհան իշխանին հետ եւ զայն տեղեակ պահեց կառավարութեան բարեկարգչական աշխատանքներուն ու լիբանանեան բոլոր հողերուն տարածքին զէնքի մենաշնորհման հարցին մէջ յառաջընթացին մասին` շեշտելով, որ ասիկա աւելի քան 50 տարիէ ի վեր առաջին անգամն է, որ լիբանանեան իշխանութիւնները, բացի Իսրայէլի տակաւին գրաւուած պահած կէտերէն, Լիթանի գետի հարաւին վրայ գործնական վերահսկողութիւն կ՛ունենայ:

Վարչապետը նաեւ վստահութիւն յայտնեց երկրին մէջ ապահովական մակարդակի վրայ, օդակայանին ու նաւահանգիստներուն վրայ վերահսկողութեան առումով արձանագրուած յառաջընթացին նկատմամբ:

Ան մաղթեց, որ ատիկա նպաստէ լիբանանեան արտածումներու դէմ արգելքի եւ սէուտցիներու Լիբանան այցելութեան արգելքի ջնջման:

Սէուտական դիւանագիտութեան պետը գովեց լիբանանեան կառավարութեան ջանքերը եւ իր կարգին նշեց, թէ անհամբեր կը սպասէ թագաւորութեան ու Լիբանանի միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ բազմաթիւ ոլորտներու մէջ երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան ամրակայման:

 

 

Leave a Comment