Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Փոխվարչապետ Թարեք Մըթրի ԱՖՓ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանն ու Սուրիան յառաջիկայ շաբաթ համաձայնութիւն մը պիտի կնքեն` լիբանանեան բանտերուն մէջ գտնուող շուրջ 300 սուրիացի կալանաւորուածներ յանձնելու հարցով: Մըթրի ըսաւ, որ կառավարութեան ուրբաթ օր հաւանութիւն տուած համաձայնութիւնը պիտի ներառէ շուրջ 300 սուրիացի դատապարտեալներու, որոնք լիբանանեան բանտերուն մէջ 10 եւ աւելի տարիներ մնացած են: … Read more