«Լապորա». «Հաւասարակշռութիւնը Շարունակել Հարուածելը Աններելի Ոճիր Է»

Շարունակելով հետեւիլ պետական վարչամեքենային մէջ հաւասարակշռութեան դէմ կատարուած շարունակական ոտնձգութիւններուն, «Լապորա» հասարակական կազմակերպութիւնը, համագործակցութեամբ 13 եկեղեցիներու քարտուղարներու խորհուրդին (մարոնի, յոյն ուղղափառ, յոյն կաթողիկէ, հայ առաքելական, հայ կաթողիկէ, աւետարանական, ասորի ուղղափառ, ասորի կաթողիկէ, ղպտի ուղղափառ, ղպտի կաթողիկէ, աշուրի, քաղդէացի եւ լատին) եւ քրիստոնէական քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն (Լիբանանեան ուժեր, Ազգային ազատ հոսանք, Փաղանգաւոր, Մարատա, Ազգային ազատականներ, ՀՅԴ, … Read more

Միացեալ Նահանգներու, Բրիտանիոյ Եւ Քանատայի Դեսպաններուն Հետ Ժողովի Ընթացքին. Զօր. Հայքալ. «Սահմաններու Պաշտպանութիւնը Զինուորական Տեսակարար Աջակցութիւն Կը Պահանջէ»

Բանակի հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալ Եարզէի մէջ Միացեալ Նահանգներու, Բրիտանիոյ եւ Քանատայի դեսպաններու ներկայութեան ցամաքային սահմաններու պաշտպանութեան օժանդակութեան ծրագիրի հսկողութեան յանձնախումբի ժողովի ընթացքին խօսք մը արտասանելով յայտնեց. «Սահմաններու պաշտպանութեան նկատմամբ մեր յանձնառութիւնը վերջնական է: Այդ նպատակին համար մեծ ջանքեր թափեցինք եւ զոհողութիւններ կատարեցինք, սակայն այս նպատակի ազդու իրագործումը զինուորական տեսակարար աջակցութիւն կը պահանջէ`  մեկնելով հիւսիսային … Read more

Ընդունելով Լիբանանի Մէջ Հաւատարմագրուած Օտարերկրեայ Դեսպանները` Նախագահ Աուն. «Զէնքի Մենաշնորհման Հարցին Մէջ Իրականութիւնը Ձեր Տեսածն Է Եւ Ոչ Թէ Ձեր Լսածը»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ կէսօրէ առաջ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ դեսպաններն ու միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները: Ան դեսպաններուն առջեւ խօսք մը արտասանելով յայտնեց. «Մէկ տարի եւ տասը օր առաջ ես ստանձնեցի կառավարումը երկրի մը, որ խորապէս վիրաւորուած էր: Հակառակ անոր որ նախապէս կ՛ընդգծեմ, որ ես պատասխանատուութիւնը չեմ դներ անորոշ հասկացողութիւններու վրայ, … Read more

Պըրրի. «Սէուտցիները Կը Շեշտեն, Որ Որոշումը Պետութեանը Ըլլայ, Եւ Պըն Ֆարհանի Հետ Հանդիպումս Հոյակապ Էր»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Ասաս»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Սէուտցիները կը շեշտեն, որ որոշումը լիբանանեան պետութեանը ըլլայ, այսինքն` հիմնուած ըլլայ երդման ճառին ու կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի գործադրութեան վրայ, եւ մենք անոնց գործադրութեան հետ ենք: Այս է մեր դիրքորոշումը»: Ան լիբանանեան հարցով սէուտցի յատուկ պատուիրակ Եզիտ Պըն Ֆարհան իշխանին հետ իր հանդիպումին մասին խօսելով նշեց. «Հոյակապ … Read more

Շէյխ Տրիան Եւ Դեսպան Պուխարի. «Լիբանանի Փրկութիւնն Ու Կանգնումը Միայն Զէնքի Վերջնական Մենաշնորհումով Է»

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտելլաթիֆ Տրիան Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին: Քննարկուեցաւ լիբանանեան բեմի կացութիւնը: Տար Ֆաթուայի գրասենեակը հաղորդեց, որ հանդիպումի ընթացքին ընդգծուած է լիբանանեան բանակին նկատմամբ աջակցութիւնը` շեշտը դնելով զէնքի մենաշնորհման եւ բանակի հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայման վրայ, որ կ՛ամրապնդէ լիբանանեան բոլոր հողերուն վրայ պետութեան գերիշխանութիւնը: Անոնք ընդգծած են … Read more

Երիտասարդութեան Եւ Մարմնակրթութեան Արաբ Նախարարներու Նիստը Աւարտեցաւ

Եգիպտոսի մայրաքաղաք Գահիրէի մէջ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան արաբ նախարարներու խորհուրդի 47-րդ նիստի աւարտին նիստին մասնակից երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան արաբ նախարարներուն Արաբական լիկայի կեդրոնատեղիին առջեւ պաշտօնական լուսանկար առնուեցաւ: Լիբանան այս նիստին մասնակցեցաւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեանի գլխաւորութեամբ պատուիրակութեամբ մը, որուն մաս կը կազմէր Եգիպտոսի մէջ Լիբանանի դեսպան, Արաբական լիկայի մէջ Լիբանանի մնայուն ներկայացուցիչ … Read more

«Կրասիա Քազզիի Պաշտօնի Բարձրացումը, Հակառակ Անմեղութեան Կանխավարկածի, Անպատշաճ Է» Կ՛ըսէ Արդարադատութեան Նախարարը

Արդարադատութեան նախարար Ատել Նասսար այցելեց Պքերքէ, ուր հանդիպում ունեցաւ մարոնիներու Ռայի պատրիարքին հետ: Ան ըսաւ, որ այցելութեան նպատակը Նոր տարին շնորհաւորելը, պատրիարքին օրհնութիւնը ստանալը եւ երկրի անմիջական կացութիւններու քննարկումն էր: «Հակառակ դժուար պայմաններուն, արդարադատութեան աշխատանքը ընթացք առաւ», նշեց ան: «Նաւահանգիստի պայթումի թղթածրարին շուրջ աշխատանքը կը շարունակուի դատաւոր Թարեք Պիթարի ջանքերով», ըսաւ նախարարը` աւելցնելով. «Ամէն կարելի … Read more

Սէյիտ Ֆատլալլա. «Թշնամիին Լիբանանէն Ուզածը Զինաթափումէն Աւելին Է»

Սէյիտ Ալի Ֆատլալլա զգուշացուց «Լիբանանի եւ շրջանին մէջ սիոնական ախորժակներէն` սկսելով բռնագրաւեալ Պաղեստինի հետ սահմանին վրայ արգելակիչ ու ապահովական գօտի ստեղծելու ձգտումէն, հասնելով մինչեւ ճնշումի եւ շարունակուող յարձակումի ճամբով Լիբանանին յարաբերութիւններու բնականոնացում պարտադրելու փորձերը»: «Թշնամիին Լիբանանէն ուզածը զինաթափումէն աւելին է», շեշտեց սէյիտ Ֆատլալլա: Ան ցաւ յայտնեց «ներքին ձայներուն համար, որոնք թշնամիին յարձակումը կ՛արդարացնեն անձնական եւ … Read more

Քասեմ. «Ռաժժին Քաղաքացիական Խաղաղութեան Հետ Կը Խաղայ. Պատասխանատուութիւնը Կառավարութիւնը Կը Կրէ»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ շաբաթ օր պատկերասփռուած ուղերձի ընթացքին յայտնեց. «Ապահովական անկայունութեան պայմաններուն մէջ որքա՛ն ալ ձեռքբերումներ արձանագրուին, քաղաքական կայունութիւն չ՛իրագործուիր: Մենք մեծ պատասխանատուութեամբ մասնակցեցանք պետութեան կառուցման ամէն քայլի»: «Համաձայնութեան մէջ փուլեր չկան. կա՛մ կը գործադրուի, կա՛մ ալ չի գործադրուիր», ըսաւ ան` աւելցնելով. «1701-ը բացառապէս լիբանանեան հարց է, նոյնպէս զէնքի մենաշնորհումն ու ազգային … Read more

Իսրայէլեան Բանակ. «Մեր Ուժերը Աւարտեցին Հարաւային Լիբանանի Մէջ Հըզպալլայի Ամրապնդումը Կանխարգիլելու Երկամսեայ Առաքելութիւնը»

Իսրայէլեան բանակին մէջ արաբերէն լրատուական բաժինի ղեկավարը, որ ծանօթ է «փաքիթեն Իլա» անունով, յայտարարեց. «Բազմաչափ համատեղ աշխատանքային ուժերը երկամսեայ գործունէութենէ ետք աւարտեցին հարաւային Լիբանանի մէջ իրենց առաքելութիւնը»: «91-րդ խումբին հրամանատարութեան տակ գործող միաւորի ուժերը վերջին երկու ամսուան ընթացքին աշխատեցան Հըզպալլայի` հարաւային Լիբանանի շրջանին մէջ ամրապնդումը արգիլելու առաքելութեան վրայ», նշեց ան: «Միաւորը իր գործունէութեան ընթացքին աշխատանք … Read more