Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարեց, թէ իսրայէլեան բանակը երեքշաբթի արշալոյսին «Հըզպալլային պատկանող հսկայական փապուղի մը պայթեցուց»:
Ան պնդեց, թէ Իսրայէլ «ենթակառոյցներ կը քանդէ եւ տասնեակներով զինեալներ կը սպաննէ»` աւելցնելով, որ գործողութիւնները «պիտի շարունակուին»:
Նեթանիահուի նշեց, որ շաբաթներ առաջ ցուցմունք տուած է գործադրելու «յատուկ ծրագիր մը»` դիմակայելու համար անօդաչու թռչող սարքերու սպառնալիքը:
Իսրայէլի վարչապետը շեշտեց, որ ատիկա «ժամանակի պիտի կարօտի, սակայն այդ հարցն ալ պիտի լուծուի»: