Քումաթի. «Մեր Դիրքորոշումը Հաստատ Է. Իսրայէլի Հետ Անուղղակի Բանակցութիւններ Սկսելէ Առաջ Պէտք Է Լիակատար Զինադադար Հաստատուի»

Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի փոխնախագահ Մահմուտ Քումաթի նշեց. «Մեր դիրքորոշումը հաստատ է. Իսրայէլի հետ անուղղակի բանակցութիւններ սկսելէ առաջ անհրաժեշտ է լիակատար զինադադար հաստատել»: Ան այս մասին յայտնեց «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին:

Քումաթի ըսաւ, որ Դիմադրութիւնը պիտի չդադրի, մինչեւ որ լիբանանեան հողերը ամբողջովին ազատագրուին` աւելցնելով, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Իսրայէլի հետ ուղղակի բանակցութիւններու մերժման վրայ շեշտեց, եւ կարելի չէ անոր դիրքորոշումը անտեսել:

Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի փոխնախագահը շեշտեց, որ իսրայէլեան յարձակումին նկատմամբ համբերութիւնը վերջ մը ունի, եւ ատիկա Իրանի դէմ իսրայէլեան պատերազմին հետ կապ չունի:

Քումաթիի համաձայն, Իսրայէլի հետ ուղղակի բանակցութեան որեւէ քայլի ճակատագիրը լիակատար ձախողութիւնն է:

 

Leave a Comment