Իսրայէլեան Բանակը Որոշած Է Ուղղաթիռներու Լիբանան Էջքի Ժամանակը Կրճատել

Զինուորական աղբիւր մը իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց. «Բանակը որոշեց Լիբանանի մէջ լայնածաւալ կերպով տարբեր տիպի ռատարներ տեղակայել»:

«Լիբանանի մէջ Կապոյտ գիծը այժմ դարձաւ իսրայէլեան պաշտպանութեան նոր գիծը», նշեց աղբիւրը:

Զինուորական աղբիւրը ձայնասփիւռի կայանին ըսաւ. «Բանակը որոշեց Լիբանանի մէջ ուղղաթիռներու էջքի ժամանակը ժամանակաւորապէս կրճատել, Հըզպալլայի կողմէ անոնց թիրախաւորման մտավախութենէն մեկնելով»:

«Բանակի ներկայացուցիչը Քնեսեթի մէջ գաղտնի նիստի մը ընթացքին Լիբանանի վերաբերեալ զեկուցում ներկայացուց», նշեց աղբիւրը:

 

Leave a Comment