Նախագահ Աուն. «Բանակցութիւններուն Շուրջ Իմ Առած Իւրաքանչիւր Քայլս Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ Համակարգած Էի»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Տնտեսական խորհուրդներու պատուիրակութիւնը Պաապտայի պալատի մէջ ընդունելու ընթացքին նշեց. «Ի տարբերութիւն լրատուամիջոցներուն մէջ հաղորդուածին, բանակցութիւններուն շուրջ իմ առած իւրաքանչիւր քայլս խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ հակամարգած էի»:

«Ինչ կը վերաբերի այն քննադատութիւններուն, որոնք Ուաշինկթընի մէջ եռակողմ բանակցութիւններէն ետք Իսրայէլի` Լիբանանի վրայ իր յարձակումները շարունակելու ազատութիւն տալուն վերաբերեալ հնչեցին, կ՛ըսեմ, թէ այդ խօսքը Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, եւ անիկա այն նոյն բովանդակութեամբ գրութիւնն է, որ նոյեմբեր 2024-ին որդեգրուեցաւ, եւ որուն, օրին, համաձայն գտնուեցան բոլոր կողմերը, եւ անիկա հաղորդագրութիւն է, եւ ոչ թէ` համաձայնութիւն, որովհետեւ համաձայնութիւնը բանակցութիւններու աւարտէն ետք կը կնքուի», ըսաւ հանրապետութեան նախագահը:

«Կարելի ամէն ջանք կը թափենք հասնելու ներկայ կացութենէն, բռնութենէն ու արիւնահեղութենէն դուրս լուծումի մը, եւ այս լուծումը բանակցութիւններու ճամբով կ՛իրականանայ», աւելցուց նախագահը:

«Այժմ բանակցութիւններու սկսելու համար Միացեալ Նահանգներու կողմէ թուականի ճշդման կը սպասենք», յայտարարեց նախագահ Աուն:

«Լիբանանեան թղթածրարը այսօր սեղանին վրայ է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի, որ Լիբանանի նկատմամբ յատուկ վերաբերմունք կը ցուցաբերէ, եւ մեր միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին ան յուզիչ կերպով բարձր գնահատեց Լիբանանն ու անոր ժողովուրդը, եւ ասիկա այսօր առիթ մըն է, որմէ պէտք է օգտուինք` մեր երկիրը ապահովութեան ու խաղաղութեան ափ հասցնելու համար», յայտնեց նախագահը:

Պըրրիի Գրասենեակ.
«
Նախագահին Խօսքը Ճշգրիտ Չէ»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի գրասենեակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ թէեւ կը յարգենք հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի դիրքը եւ անոր կատարած յայտարարութիւնները, սակայն Տնտեսական խորհուրդներուն առջեւ անոր ըսած խօսքը առնուազն ճշգրիտ չէ, եւ նոյնն է պարագան նոյեմբեր 2024-ի եւ բանակցութիւններու նիւթին վերաբերեալ անոր խօսքերուն:

 

Leave a Comment