Ըստ Իսրայէլեան Պատկերասփիւռի 12-րդ Կայանին. Իսրայէլ Ուաշինկթընէն Խնդրած Է Լիբանանի Հետ Բանակցութիւններուն Առաւելագոյնը Մինչեւ Մայիսի Կէսը Ժամանակ Ճշդել

Իսրայէլ կը ջանայ լիբանանեան կառավարութեան հետ բանակցութիւններուն համար ճշդել երկուքէն երեք շաբաթ երկարող եւ մայիսի կիսուն աւարտող պայմանաժամ մը, եւ արտօնութիւն կը խնդրէ Լիբանանի դէմ իր պատերազմի «նախնական ծրագիր»-ին վերադառնալու, եթէ բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթաց չարձանագրուի:

Այս մասին հաղորդեց իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը, որ կը նշէ, թէ այս առաջարկը ներկայացուած է չորեքշաբթի երեկոյեան Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին:

Ըստ պատկերասփիւռի կայանին, Իսրայէլի կարծիքով` իր ուժերուն եւ սահմանամերձ հիւսիսային գիւղերուն դէմ «Հըզպալլայի գործողութիւններու» շարունակութիւնը կ՛ականահարէ փոխըմբռնումներու գոյացման առիթը:

Իսրայէլի քաղաքական մակարդակի կողմեր կը պնդեն, որ ներկայիս կիրարկուող «սահմանափակ հակադարձութեան» քաղաքականութիւնը կը մաշեցնէ զսպումը եւ կը վնասէ բնակիչներուն ու գործողութենական պատրաստուածութեան:

 

Leave a Comment