Մուսաուի. «Զինադադարին Վերաբերեալ Նախագահին Խօսքը Առնուազն Մեծ Շփոթ Եւ Հարցերը Իրարու Խառնել Է, Ինչ Որ Վերատեսութիւն Եւ Սրբագրում Կը Պահանջէ»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Իպրահիմ Մուսաուի, անդրադառնալով հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի Տնտեսական խորհուրդներու պատուիրակութեան առջեւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին նախարարութեան հաղորդագրութեան, Իսրայէլին Լիբանանի վրայ յարձակումները շարունակելու ազատութիւն տալուն, այդ իրողութեան նախապէս նոյեմբեր 2024-ի համաձայնութեան մէջ ներառուած ըլլալուն մասին խօսքին, յայտնեց, թէ 27 նոյեմբեր 2024-ի զինադադարի համաձայնութիւնը որեւէ ձեւով այդպիսի նշում չի պարունակեր. ընդհակառակն` Լիբանանին տուաւ միջազգային օրէնքին համահունչ ինքնապաշտպանութեան բնական իրաւունք, եւ այդ համաձայնութենէն դուրս որեւէ այլ խօսք ամերիկեան վարչակազմին ու Իսրայէլի միջեւ կողմնակի խօսակցութիւն է: Ուստի, հանրապետութեան նախագահին խօսքը առնուազն մեծ շփոթ եւ հարցերը իրարու խառնել է, ինչ որ անմիջապէս վերատեսութիւն եւ սրբագրում կը պահանջէ:

Մուսաուի նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութիւնը, որ Իսրայէլին իրաւունք կու տայ Լիբանանի վրայ յարձակում գործելու, վտանգաւոր նախադէպ է, մանաւանդ որ հրապարակուեցաւ ժողովի մասնակից երեք կողմերուն անունով:

«Եթէ Լիբանան այս հաղորդագրութեան բովանդակութեան առնչակից չէ եւ անոր համաձայն չէ, ապա կարիքը կայ այդ մէկը հրապարակաւ մերժող յստակ ու անկեղծ կեցուածքի մը, որովհետեւ ներքին յայտարարութիւնները բաւարար չեն», ըսաւ երեսփոխանը:

 

 

Leave a Comment