Ֆատլալլա. «Բանակցութիւնները` Իրենց Բոլոր Արդիւնքներով, Մեզի Չեն Վերաբերիր, Մենք Զանոնք Պիտի Չգործադրենք Եւ Անոնց Վաւերացումը Պիտի Չարտօնենք»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա շեշտեց. «Լիբանանի մէջ Դիմադրութիւնը այսօր ազգային ընտրանքն է, որուն մեր հողերու ազատագրման եւ մեր ժողովուրդն ու երկիրը պաշտպանելու այլընտրանքը չկայ, եւ անիկա պիտի շարունակէ եւ պիտի գոյատեւէ:

«Նահանջ պիտի չարձանագրենք, մինչեւ որ թշնամին մեր հողերէն դուրս գայ եւ մեր երկրին վրայ յարձակումները դադրեցնէ:

«Ամէն գնով ու զոհողութիւններով պիտի չընդունուի անցեալ փուլին, այսինքն` 2 մարտէն առաջուան ժամանակաշրջանին վերադառնալ: Այս որոշումը կտրուկ կերպով տրուած է: Ուստի, Լիբանանի մէջ հաստատուելիք որեւէ նոր համաձայնութիւն պէտք է մեր երկրին վրայ որեւէ ձեւի յարձակում չարձանագրուիլը երաշխաւորէ»:

«Գոյութիւն ունին գիներ ու զոհողութիւններ, որոնք այսօր այս պատերազմին մէջ կը վճարենք, եւ մեր համակիր զանգուածը, ժողովուրդն ու հարաւային Լիբանանը կը վճարեն փոխան ամբողջ Լիբանանին, եւ մեր երկրին մէջ որոշ մարդոցմէ մեր պահանջածը իրենց լեզուն սանձելը, մեր Դիմադրութիւնը չարիքներէն, սադրանքներէն ու դաշունահարումներէն զերծ կացուցելն է», նշեց երեսփոխանը:

«Մենք մեր ժողովուրդով, կամքով, նահատակներով ու պայքարով յանձն կ՛առնենք այս թշնամին դիմակայել, մեր հողերը ազատագրել եւ մեր երկրին վրայ յարձակումը արգիլել: Ասիկա ընտրանք մըն է, որ որդեգրեցինք, անոր յանձնառու դարձանք, եւ անկէ ետդարձ չկայ», ըսաւ ան:

«Մենք պետութիւնն ու իշխանութիւնը կը տարբերենք: Պետութիւնը չի սահմանափակուիր մարդոցմով, կառավարութեամբ կամ անհատներով: Պետութիւնը մեր բոլորին համար հաւաքական վերնագիր է, եւ մենք անոր մաս կը կազմենք եւ անոր մէջ ներկայացուած: Սակայն, երբ պետութեան մէջ պաշտօնատար մը պաշտօնի մը վրայ կ՛ըլլայ, պէտք չէ իբրեւ կուսակցութիւն, կողմ կամ խմբակ վարուի, այլ` ըստ սահմանադրութեան ու Ազգային ուխտին, որոնք պետութեան այրերուն միջեւ փոխըմբռնման կոչ կ՛ուղղեն: Սակայն այսօր պետութեան մէջ սուր պառակտում կայ, ինչ կը վերաբերի քաղաքական ընտրանքին, որուն իշխանութեան մէջ կարգ մը կողմեր դիմեցին թշնամիին հետ ուղղակի բանակցութեան ճամբով, ձրի զիջումներ կատարելով եւ Լիբանանը այս թշնամիին առջեւ ենթակայ եւ նուաստացած ներկայացնելով, երբ Դիմադրութիւնը արժանապատուութեան, հպարտութեան եւ ուժի հայրենիք կը ներկայացնէ», յայտնեց Ֆատլալլա:

«Բանակցութիւնները` իրենց բոլոր արդիւնքներով, մեզի չեն վերաբերիր, մենք զանոնք պիտի չգործադրենք եւ անոնց վաւերացումը պիտի չարտօնենք», յայտարարեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխանը:

 

Leave a Comment