Ժիէի Մայրուղիին Եւ Սաատիեթի Ճամբուն Վրայ Ինքնաշարժներու Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումներ

Իսրայէլեան օդուժը երէկ առաւօտեան Պէյրութի հարաւը գտնուող Ժիէի մայրուղիին վրայ ինքնաշարժ մը հարուածեց: Շուրջ մէկ ժամ ետք, իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը Ժիէի մայրուղիին վրայ երկրորդ յարձակում մը գործելով Պարժա գիւղի մուտքին մօտ հարուածեց այլ ինքնաշարժ մը: Իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը աւելի ուշ ալ Լեռնալիբանանի Շուֆ գաւառի Սաատիեթի ճամբուն վրայ երկու հրթիռներով հարուածեց ինքնաշարժ … Read more

Պաապտայի Պալատէն Ետք Նաեւ Այն Թինէ Այցելելով` Քանաան. «Պըրրին Նախանձախնդիր Է Ազգային Միասնականութեան Եւ Լիբանանի Գերիշխանութեան»

Երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան երէկ այցելեց Այն Թինէ, ուր խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Բոլոր լիբանանցիներուն, հանրապետութեան նախագահին, խորհրդարանի նախագահին եւ պաշտօնատարներուն առաջին հետաքրքրութիւնը կրակոցը դադրեցնելն ու Լիբանանին իր հողին ու կայունութեան նկատմամբ իրաւունքի ամրագրումն է, որովհետեւ Լիբանանի դէմ պատերազմի աղէտները կ՛ապրինք, եւ որեւէ լուծումի բանալին զինադադարի ամրագրումն է»: «Լիբանանի պաշտօնական նպատակը … Read more

Պայրագտարեան Ընդունեց ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան երէկ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ վարչութեան ատենապետ տոքթ. Իշխան Եղիայեանի: Պատուիրակութիւնը նախարարին ներկայացուց իր աշխատանքային ծրագիրը եւ այս տարուան ընթացքին կատարելիք ձեռնարկները, որոնք պիտի աշխուժացնեն միութեան կեանքը եւ մեկնարկեն մարմնակրթական ու սկաուտական ոլորտներուն մէջ արդիւնաւէտ աշխատանքը: Պայրագտարեան շնորհաւորեց նորընտիր շրջանային վարչութիւնը, վստահութիւն … Read more

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Դատապարտեց «Քուէյի Մէջ Յեղափոխական Պահակագունդի Կատարած Մերժելի Արարքները

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Լիբանան կը դատապարտէ «Իրանի Յեղափոխական պահակագունդէն անդամներու մերժելի արարքները, որոնք եղբայրական Քուէյթի գերիշխանութեան ու հողային ամբողջականութեան ոտնահարում, ինչպէս նաեւ միջազգային օրէնքի, ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ բարի դրացնութեան կանոններու խախտում կը նկատուին»: Նախարարութիւնը ըսաւ, որ կտրուկ կերպով կը մերժէ եղբայրական արաբական պետութիւններու կայունութեան սպառնացող կամ անոնց … Read more

Սալամ. «Ոչ Ոք Լիբանանի Տեղ Կը Բանակցի, Եւ Մեր Պահանջները Ծանօթ Են»

Մինչ Ուաշինկթընի մէջ Լիբանան-Իսրայէլ բանակցութիւններու երրորդ փուլի պատրաստութիւնները ընթացքի մէջ են, վարչապետ Նաուաֆ Սալամ «Նահար» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Մեր աշխատանքային օրակարգի գլխաւոր կէտը զինադադարն է: Մեր պահանջները ծանօթ են. անոնք իսրայէլեան հեռացումի ժամանակացոյցի ճշդումը, գերիներու ազատ արձակումն ու Լիբանան վերադարձը, ինչպէս նաեւ տեղահանուածներուն իրենց գիւղաքաղաքներն ու գիւղերը վերադարձն են, ինչ որ վերաշինութեան սկսիլը … Read more

Քասեմ Կոչ Ուղղեց Բանակցութիւններէն Քաշուելու

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ կուսակցութեան «միաւորներու ղեկավարներուն, պաշտօնատարներուն, եւ դիմադրողներուն» ուղերձ մը յղելով յայտնեց, ուր իր կուսակցութիւնը դէմ կը դնէ իսրայէլեան-ամերիկեան յարձակումի մը, «որ կ՛ուզէ Լիբանանը ենթակայ դարձնել, որպէսզի ան Մեծն Իսրայէլի մէկ մասը դառնայ»: Ան ընդգծեց, որ Հըզպալլան «պիտի չենթարկուի, անձնատուր պիտի չըլլայ եւ պիտի շարունակէ Լիբանանն ու անոր ժողովուրդը պաշտպանել, որքան … Read more

Պայրագտարեան Այցելեց Առողջապահութեան Նախարարին – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Երիտասարդութեան եւ Մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան երէկ այցելեց առողջապահութեան նախարար Ռաքան Նասրէտտինի: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ Լիբանանի մէջ աթլեթներու եւ մարզիկներու բժշկական պաշտպանութեան արձանագրութեան պատրաստութեան հարցը: Քննարկումը կեդրոնացաւ բժշկական չափանիշներուն, սկզբունքներուն եւ պայմաններուն վրայ, որոնք իբրեւ ուղեցոյց պիտի ղրկուին մարզական խորհուրդներուն եւ կառոյցներուն, զանոնք որդեգրելու համար: Շեշտուեցաւ նաեւ այս ցուցմունքները առողջապահութեան նախարարութեան մասնագէտներու եւ փորձագէտներուն … Read more

Միջինարեւելեան Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Ֆրանսական Պաքալորէայի Քննութիւնները Ջնջուեցան

Ֆրանսայի կրթութեան նախարարը Միջին Արեւելքի շարք մը երկիրներու եւ Մալիի մէջ յունիսին նախատեսուած ֆրանսական պաքալորէայի քննութիւններու ջնջումը յայտարարեց` «նկատի ունենալով այդ երկիրներուն մէջ տիրող յատուկ պայմանները»: Նախարարութեան համաձայն, Լիբանանի, Պահրէյնի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Իրաքի, Իրանի, Իսրայէլի, Քուէյթի, Քաթարի եւ Մալիի մէջ որդեգրուած ֆրանսական դպրոցներու մէջ արձանագրուած աշակերտները, ինչպէս նաեւ Ազգային կրթութեան կեդրոնին կողմէ որդեգրուած հեռակայ … Read more

Ըստ Իսրայէլեան Բանակէն Աղբիւրի Մը. Իսրայէլեան Բանակը Կը Պատրաստուի Հարաւային Լիբանանի Մէջ Իր Ցամաքային Գործողութիւնները Ընդլայնելու

Իսրայէլեան օդուժը երէկ առաւօտեան յարձակումներու շարք մը գործեց Նապաթիէի Եըհմոր Շքիֆ, Քֆարթպնիթ, Շուքին, Ապա գիւղերուն եւ Թուլի մէջ Ռահալ խանութին վրայ: Միեւնոյն ժամանակ Եըհմոր Առնուն, Քֆարթպնիթ, Նապաթիէ Ֆաուքա եւ Մայֆատուն գիւղերը հրետանիով ռմբակոծման ենթարկուեցան: Իսրայէլեան օդուժը նաեւ յարձակումներ գործեց Պեքայի Քիլիա գիւղին, իսկ հարաւային Լիբանանի մէջ Շաքրա, Արապսալիմ, Զըպտին եւ Առնուն գիւղերուն վրայ: Իսրայէլեան բանակը … Read more

Նախագահ Աուն Դեսպան Իսայի Հետ Քննարկեց Ուաշինկթընի Մէջ Եռակողմ Ժողովի Զարգացումները

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշել Իսան: Նախագահ Աուն դեսպանին հետ անդրադարձաւ Ուաշինկթընի մէջ այս շաբաթ նախատեսուած լիբանանեան-ամերիկեան-իսրայէլեան եռակողմ ժողովին առնչուած վերջին զարգացումներուն: Նախագահ Աուն Միացեալ Նահանգներու դեսպանին շեշտեց «կրակոցը, զինուորական գործողութիւնները եւ բնակարանները պայթեցնելն ու գետնին հաւասարեցնելը դադրեցնելու համար Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնելու անհրաժեշտութիւնը»: Խորհրդարանի … Read more