Երիտասարդութեան եւ Մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան երէկ այցելեց առողջապահութեան նախարար Ռաքան Նասրէտտինի: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ Լիբանանի մէջ աթլեթներու եւ մարզիկներու բժշկական պաշտպանութեան արձանագրութեան պատրաստութեան հարցը:
Քննարկումը կեդրոնացաւ բժշկական չափանիշներուն, սկզբունքներուն եւ պայմաններուն վրայ, որոնք իբրեւ ուղեցոյց պիտի ղրկուին մարզական խորհուրդներուն եւ կառոյցներուն, զանոնք որդեգրելու համար: Շեշտուեցաւ նաեւ այս ցուցմունքները առողջապահութեան նախարարութեան մասնագէտներու եւ փորձագէտներուն հետ գիտականօրէն քննարկելու կարեւորութիւնը: