Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ կուսակցութեան «միաւորներու ղեկավարներուն, պաշտօնատարներուն, եւ դիմադրողներուն» ուղերձ մը յղելով յայտնեց, ուր իր կուսակցութիւնը դէմ կը դնէ իսրայէլեան-ամերիկեան յարձակումի մը, «որ կ՛ուզէ Լիբանանը ենթակայ դարձնել, որպէսզի ան Մեծն Իսրայէլի մէկ մասը դառնայ»:
Ան ընդգծեց, որ Հըզպալլան «պիտի չենթարկուի, անձնատուր պիտի չըլլայ եւ պիտի շարունակէ Լիբանանն ու անոր ժողովուրդը պաշտպանել, որքան ալ ժամանակը երկարի, որքան ալ զոհաբերութիւնները մեծնան»:
«Պատերազմի դաշտը պիտի չլքենք, զայն Իսրայէլի համար դժոխքի պիտի վերածենք, պիտի հակադարձենք յարձակումին ու խախտումներուն եւ 2 մարտէն առաջուան պիտի չվերադառնանք», ըսաւ ան:
«Իրան-Միացեալ Նահանգներ համաձայնութիւնը, որ Լիբանանի վրայ յարձակումի դադրեցում կը պարունակէ, յարձակումը դադրեցնելու համարեայ թէ ամէնէն ուժեղ խաղաքարտն է», նշեց շէյխ Քասեմ` նշելով, որ Լիբանանի գերիշխանական նպատակներու իրագործման պատասխանատուութիւնը լիբանանեան իշխանութիւններու ուսերուն է:
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը կոչ ուղղեց որդեգրելու անուղղակի բանակցութեան ընտրանքը, ուր ուժեղ խաղաքարտերը լիբանանցի բանագնացին ձեռքն են, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց` քաշուելու «ուղղակի բանակցութիւններէն, որոնք Իսրայէլի զուտ շահերը կը հետապնդեն եւ լիբանանեան իշխանութեան կողմէ ձրի զիջումներ կը պարունակեն»:
«Լիբանանէն դուրս ոչ ոք զէնքին ու Դիմադրութեան հետ կապ ունի, եւ լիբանանեան պետութեան հարցերու կարգաւորումը ներքին խնդիր է», շեշտեց շէյխ Քասեմ:
«Այս խնդիրը լիբանանեան ներքին հարց մըն է, եւ թշնամիին հետ բանակցութեան մաս չի կազմեր» աւելցուց ան:
Շէյխ Քասեմ աւելցուց, որ հինգ կէտերու իրագործումէն ետք, Լիբանան իր ներքին կացութիւնը կը դասաւորէ ազգային անվտանգութեան ռազմավարութեամբ` օգտուելով իր ուժի աղբիւրներէն, որոնցմէ մէկը Դիմադրութիւնն է: Ան այս առումով վկայակոչեց հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի երդման ճառին մէջ ազգային անվտանգութեան ռազմավարութեան ծիրին մէջ պաշտպանողական քաղաքականութեան քննարկման հրաւէրի վերաբերեալ նշումը:
«Դիմադրութեան ամբողջ նպատակը յարձակումը դադրեցնելն ու անոր նպատակները չէզոքացնելն է», եզրափակեց շէյխ Քասեմ` շեշտելով, որ Հըզպալլան «դիմակայումի դաշտէն պիտի չհեռանայ, մինչեւ որ Աստուած անոր յաջողութիւն տայ»: