Ֆրանսայի կրթութեան նախարարը Միջին Արեւելքի շարք մը երկիրներու եւ Մալիի մէջ յունիսին նախատեսուած ֆրանսական պաքալորէայի քննութիւններու ջնջումը յայտարարեց` «նկատի ունենալով այդ երկիրներուն մէջ տիրող յատուկ պայմանները»:
Նախարարութեան համաձայն, Լիբանանի, Պահրէյնի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Իրաքի, Իրանի, Իսրայէլի, Քուէյթի, Քաթարի եւ Մալիի մէջ որդեգրուած ֆրանսական դպրոցներու մէջ արձանագրուած աշակերտները, ինչպէս նաեւ Ազգային կրթութեան կեդրոնին կողմէ որդեգրուած հեռակայ կարգով դասընթացքներու մէջ արձանագրուած աշակերտները իրենց առնչակից նիւթերու տարեկան միջինը պիտի ստանան:
Ֆրանսայի կրթութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ անհատական կարգավիճակով արձանագրուող դիմորդները պիտի կարենան յանձնել սեպտեմբեր 2026-ին նախատեսուած լրացուցիչ քննութիւնը` թէ՛ Պրէօվէի, թէ՛ պաքալորէայի համար:
Նախարարութիւնը աւելցուց, որ այլ երկիրներու մէջ եւս կրնան քննութիւններու սկիզբէն առաջ բարեփոխումներ կատարուիլ, եթէ տեղական պայմանները անոնց կազմակերպումը չեն արտօներ, մասնաւորաբար քննութեան կեդրոններու փակման պարագային: