Երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան երէկ այցելեց Այն Թինէ, ուր խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Բոլոր լիբանանցիներուն, հանրապետութեան նախագահին, խորհրդարանի նախագահին եւ պաշտօնատարներուն առաջին հետաքրքրութիւնը կրակոցը դադրեցնելն ու Լիբանանին իր հողին ու կայունութեան նկատմամբ իրաւունքի ամրագրումն է, որովհետեւ Լիբանանի դէմ պատերազմի աղէտները կ՛ապրինք, եւ որեւէ լուծումի բանալին զինադադարի ամրագրումն է»:
«Լիբանանի պաշտօնական նպատակը երկրի կայունութեան, սահմաններուն ու հողին նկատմամբ իրաւունքն է: Պըրրին մեծ նախանձախնդրութիւն ունի ազգային միասնականութեան, Լիբանանի գերիշխանութեան եւ ողբերգութեան վերջնականապէս վերջ տալու նկատմամբ, մանաւանդ որ այդ ողբերգութիւնը առօրեայ կերպով առկայ է, եւ անոր պատճառները յարձակումներն ու Լիբանանի դէմ պատերազմն են:
«Մեկնելով ասկէ, Աստուած ուզէ, յառաջիկայ փուլին կը գտնուինք դրական քայլերու առջեւ` գործնականացնելու համար այն նիւթերը, որոնց մասին կը խօսինք, եւ որոնք ուղղակիօրէն կ՛ազդեն ելեւմտական, տնտեսական եւ ընկերային մնացեալ թղթածրարներուն վրայ», նշեց երեսփոխանը:
«Լիբանանցիները բազմաթիւ հարցումներ եւ մտավախութիւններ ունին, եւ մենք` իբրեւ խորհդարան, եւ ես` իբրեւ երեսփոխան, նախանձնախնդիր ենք կարելիի սահմաններուն մէջ մեր պարտականութիւնը կատարելու: Սակայն այն, ինչ որ մեզ կը պաշտպանէ, մեր միասնականութիւնն է, ինչպէս նաեւ մեր իրաւունքներուն, երկրին կայունութեան, մեր բանակին ու օրինականութեան շուրջ միասնական կեցուածքն է: Ուստի. այս փուլին պէտք չէ այս նպատակներուն շուրջ տարակարծիք ըլլանք, եւ կը կարծեմ, Աստուած ուզէ, տարակարծիք պիտի չըլլանք», ըսաւ ան:
Նշենք, որ նախքան այդ, երեսփոխան Քանաան այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ անդրադարձաւ վերջին զարգացումներուն եւ այսօր Ուաշինկթընի մէջ գումարուելիք Լիբանան-Միացեալ Նահանգներ-Իսրայէլ ժողովին համար ընթացող պատրաստութիւններուն լոյսին տակ քննարկեց երկրի ընդհանուր կացութիւնը: