Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան երէկ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ վարչութեան ատենապետ տոքթ. Իշխան Եղիայեանի:
Պատուիրակութիւնը նախարարին ներկայացուց իր աշխատանքային ծրագիրը եւ այս տարուան ընթացքին կատարելիք ձեռնարկները, որոնք պիտի աշխուժացնեն միութեան կեանքը եւ մեկնարկեն մարմնակրթական ու սկաուտական ոլորտներուն մէջ արդիւնաւէտ աշխատանքը:
Պայրագտարեան շնորհաւորեց նորընտիր շրջանային վարչութիւնը, վստահութիւն յայտնեց անոր անդամներուն այդ ծրագիրները յաջողցնելու կարողութեան նկատմամբ եւ անոնց յաջողութիւն մաղթեց:
Նախարարը նաեւ իր հիւրերը դրաւ մթնոլորտին մէջ այն բարեփոխումներուն, զորս նախարարութիւնը կը կատարէ երիտասարդական եւ մարմնակրթական մակարդակներուն վրայ, ինչպէս նաեւ ներկայացուց այն ծրագիրները, զորս նախարարութիւնը գործադրեց, եւ այն պատրաստ ծրագիրները, որոնց գործադրութեան համար կը սպասուի երկրի կացութեան հանդարտեցումը: