Վարչապետարանին Մէջ Նախարարական Հանդիպում – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Տեղեկատուութեան նախարար Փոլ Մըրքոս վարչապետարանին մէջ նախարարական հերթական հանդիպումէն ետք նշեց. «Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ անդրադարձաւ Սուրիա այցելութեան, որ յարաբերութիւնները յառաջ մղեց եւ դիւրացուց առեւտրական ու մաքսատնային գործողութիւնները»: «Վարչապետը կանգ առաւ իսրայէլեան յարձակումներու շրջագիծին ընդարձակման վրայ, ինչպէս նաեւ շեշտեց պատերազմական ոճիրներու փաստագրումը շարունակելու եւ զանոնք ՄԱԿ-ին ներկայացնելու կարեւորութիւնը: «Ան նաեւ յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու յանձնակատարին … Read more

Պասիլ. «Պահ Դրուած Գումարները Գողցողներուն Համաներումը Մերժելի Է, Եւ Բանակին Ու Անոր Նահատակներուն Կողմնակիցները Պիտի Մնանք»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ յայտնեց. «Մեր դիրքորոշումը յստակ է, եւ զայն բացատրելու համար ժողովներու կարիք չկայ. անիրաւուածներուն համաներումը պարտաւորութիւն է, իսկ թմրեցուցիչներու վաճառականներու եւ մարդասպաններու համաներումը մերժելի է, պահ դրուած գումարները գողցողներուն համաներումը մերժելի է»: «Կարիք չկայ բացատրելու բանակայիններ սպաննածներուն համաներման հարցը, որովհետեւ բանակին եւ անոր նահատակներուն կողմնակիցները պիտի մնանք», աւելցուց … Read more

Իսրայէլեան Բանակի Սպայակոյտի Պետը Կը Յայտարարէ. «Հիւսիսային Ճակատին Վրայ Լիբանանի Հետ Զինադադար Գոյութիւն Չունի»

Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Իալ Զամիր յայտնեց, որ հիւսիսային ճակատի վրայ Լիբանանի հետ զինադադար գոյութիւն չունի: Զամիր Քնեսեթի արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան յանձնախումբին մէջ լսումի նիստի ընթացքին նկատել տուաւ, որ իսրայէլեան բանակը Հըզպալլան զինաթափելու նպատակ չէ ճշդած: «Մեր նպատակը հակազրահապատ հրթիռներու սպառնալիքը արգիլելը, Գալիլիա ներթափանցումը արգիլելն ու Հըզպալլայի կազմաքանդման պայմաններու ստեղծումն է», նշած է իսրայէլեան … Read more

Պըն Զայետ. «Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Կը Զօրակցին Անվտանգութեան Եւ Կայունութեան Հաստատման Համար Լիբանանի Որդեգրած Քայլերուն»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն հեռաձայնեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահ Մոհամետ Պըն Զայետ Ալ Նահիանին եւ անոր հետ քննարկեց վերջին զարգացումներու լոյսին տակ Լիբանանի եւ շրջանին մէջ ներկայ կացութիւնները: Հանրապետութեան նախագահը անոր յայտնեց, որ լիբանանցի ժողովուրդը շրջանին դիմագրաւած այս նուրբ պայմաններուն մէջ կը զօրակցի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եղբայրական ժողովուրդին: Աուն Պըն Զայետին ներկայացուց Ուաշինկթընի մէջ գումարուող … Read more

Սալամ Դամասկոսի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Շարհի Հետ

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ շաբաթ օր նախարարական պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ այցելեց Դամասկոս, ուր հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհի հետ: Սուրիական «Իխպարիէ» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդելու, տնտեսական ու առեւտրական գործակցութիւնը զարգացնելու եւ կայունութեան ամրապնդման ու մարտահրաւէրներու դիմակայման համար ապահովական համակարգումը ամրապնդելու կարելիութիւնները: Անոնք նաեւ շրջանային ու միջազգային զարգացումներուն … Read more

Խօսքը Ուղղելով Նախագահ Աունին` Քումաթի. «Ի՞նչ Իրաւունքով Կը Շրջանցես Պըրրին Եւ Լիբանանի Ճակատագիրին Վերաբերեալ Որոշումը Ինքնագլուխ Կու Տաս»

Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի անդամ, նախկին նախարար Մահմուտ Քումաթի շեշտեց. «Սիոնական գոյացութիւնը ախորժակ ունի մեր հողին, երկինքին եւ ջուրին նկատմամբ, եւ ասիկա բացայայտ կերպով կը յայտարարէ ճշդելով Մեծն Իսրայէլի սահմանները, որոնք կը ներառեն Լիբանանը, Սուրիան եւ յայտարարած շրջանէն մնացեալ մասերը, եւ ատոր ամերիկեան գետնի վրայ կը զօրակցին Թրամփն ու Պարրաքը, ինչպէս նաեւ կարգ մը արաբներ եւ … Read more

Պասիլ. «Հըզպալլան Խնդիր Է, Որովհետեւ Իրանեան Օրակարգին Հիմամբ Կը Գործէ»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ ամերիկեան «Սի.Տի.Էմ.» կայքին հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց. «Քանի տակաւին պատերազմներ կան, չափաւորական անձերու դերակատարութիւնը լուսանցքային պիտի ըլլայ»: Անդրադառնալով հարաւային Լիբանանի զարգացումներուն` ան ըսաւ. «Իսրայէլացիները այս պատերազմին որեւէ հասարակութիւն չեն պաշտպաներ, այլ բոլորին վրայ յարձակում կը գործեն, բոլորը կը սպաննեն, եւ բոլոր տուները կը քանդեն: Քրիստոնեաներն ու քրիստոնէական … Read more

Ֆատլալլա. «Դիմադրութիւնը Պիտի Չարտօնէ 2 Մարտէն Առաջուան Կացութեան Վերադառնալ»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա յայտնեց. «Մեր երկրին վրայ իսրայէլեան յարձակումի դիմակայման մէջ մենք մեր գոյութեան ու ճակատագիրի պաշտպանութեան դիրքի վրայ ենք: «Գոյութիւն ունի նոր փուլ մը, ուր Դիմադրութիւնը չ՛ընդունիր 2 մարտէն առաջուան կացութեան վերադառնալ: Երբ մեր գիւղերուն եւ մեր արուարձանին վրայ յարձակում կը գործուի, թշնամին պէտք է պատասխան սպասէ, եւ Դիմադրութիւնը այդ … Read more

Ռուպիօ. «Կ՛ուզենք, Որ Լիբանանի Մէջ Օրինական Կառավարութիւնը Ուժեղ Ըլլայ, Սակայն Հըզպալլան Անոր Խոչընդոտ Է»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ յայտարարեց, թէ Լեւոն ԺԴ. պապին հետ քննարկած է Իրանի կացութիւնն ու անոր վարչակարգին ներկայացուցած վտանգները: Ռուպիօ նշեց, որ բոլորը համամիտ են, թէ Իրանի հիւլէական զէնք ձեռք բերելը անընդունելի է` աւելցնելով. «Կը սպասուի, որ այսօր Իրանէն պատասխան մը ստանանք»: Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը նշեց, որ Միացեալ … Read more

Լահպիպ. «Լիբանանը Հըզպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Պատանդ Բռնուած Է Իր Կարողութենէն Աւելի Մեծ Ճգնաժամի Մը Պայմաններուն Մէջ»

Եւրոպական Միութեան մարդասիրական օժանդակութիւններու բարձրագոյն յանձնակատար Հաժժէ Լահպիպ յայտարարեց, թէ Լիբանան Հըզպալլայի եւ Իսրայէլի միջեւ պատանդ բռնուած է իր կարողութենէն աւելի մեծ ճգնաժամի մը պայմաններուն մէջ: Լահպիպ Հըզպալլայի կոչ ուղղեց դադրեցնելու Իսրայէլի վրայ իր յարձակումները, նաեւ կոչ ուղղեց Հըզպալլան զինաթափելու, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի կոչ ուղղեց Լիբանանի մէջ քաղաքային կառոյցներուն վրայ իր օդային յարձակումները դադրեցնելու: Եւրոպական … Read more