Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Դատապարտեց «Քուէյի Մէջ Յեղափոխական Պահակագունդի Կատարած Մերժելի Արարքները

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Լիբանան կը դատապարտէ «Իրանի Յեղափոխական պահակագունդէն անդամներու մերժելի արարքները, որոնք եղբայրական Քուէյթի գերիշխանութեան ու հողային ամբողջականութեան ոտնահարում, ինչպէս նաեւ միջազգային օրէնքի, ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ բարի դրացնութեան կանոններու խախտում կը նկատուին»:

Նախարարութիւնը ըսաւ, որ կտրուկ կերպով կը մերժէ եղբայրական արաբական պետութիւններու կայունութեան սպառնացող կամ անոնց ազգային անվտանգութիւնը խաթարող որեւէ փորձ:

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը վերահաստատեց Լիբանանի լիարժէք զօրակցութիւնը եղբայրական Քուէյթին եւ աջակցութիւնը իր անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը պահպանելու, ինչպէս նաեւ հողերն ու գերիշխանութիւնը պաշտպանելու անոր որդեգրած քայլերուն:

 

Leave a Comment