Իսրայէլեան օդուժը երէկ առաւօտեան յարձակումներու շարք մը գործեց Նապաթիէի Եըհմոր Շքիֆ, Քֆարթպնիթ, Շուքին, Ապա գիւղերուն եւ Թուլի մէջ Ռահալ խանութին վրայ:
Միեւնոյն ժամանակ Եըհմոր Առնուն, Քֆարթպնիթ, Նապաթիէ Ֆաուքա եւ Մայֆատուն գիւղերը հրետանիով ռմբակոծման ենթարկուեցան:
Իսրայէլեան օդուժը նաեւ յարձակումներ գործեց Պեքայի Քիլիա գիւղին, իսկ հարաւային Լիբանանի մէջ Շաքրա, Արապսալիմ, Զըպտին եւ Առնուն գիւղերուն վրայ:
Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, թէ ուղղաթիռի մը թեքնիք խանգարումը արգելք հանդիսացած է հարաւային Լիբանանէն իսրայէլացի վիրաւոր զինուորներու հեռացման:
Միւս կողմէ, Իսրայէլեան բանակէն աղբիւր մը իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին յայտնեց, որ իսրայէլեան բանակը կը պատրաստուի ընդլայնելու Լիբանանի մէջ իր ցամաքային գործողութիւնները` «Հըզպալլայի կողմէ զինադադարի համաձայնութեան շարունակուող խախտումներուն» պատճառով: