Հըզպալլա. «Զինադադարին Մեր Յանձնառութեան Կողքին Պիտի Չտատամսինք Թշնամիին Իր Բռնագրաւումը Ընդլայնելու Որեւէ Փորձի Դէմ Դնել»

Հըզպալլայի գործողութիւններու կեդրոնը շաբաթ օր հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Իսրայէլացի թշնամին անգամ մը եւս կը պատրուակէ սուտ պնդումներ` արդարացնելու համար խախտելը զինադադարին, որ ոչ իսկ օր մը յարգեց, ներառեալ այն խախտումները, որոնք երէկ գիշերուընէ մինչեւ այսօր կը կատարէ»:

«Իսլամական դիմադրութիւնը կ՛ընդգծէ, որ երէկ` ուրբաթ, 19 յունիս 2026-էն ի վեր զինադադարը յարգեց, նոյնիսկ հակառակ թշնամիին առաջին պահէն խախտելուն, սակայն իր մատը բլթակին վրայ պահեց` նկատի ունենալու թշնամիին տեւական խոստմնադրժութիւնն ու դաւադրութիւնը», աւելցուց կեդրոնը:

Հըզպալլա յայտնեց, որ Իսրայէլ փորձած է Ալի Թահեր բարձունքին ուղղութեամբ ներթափանցել, սակայն հակառակ իրերայաջորդ փուլերուն ձախողած է եւ շարք մը զոհեր ու վիրաւորներ ունեցած, որմէ ետք ձեռնարկած է շրջանէն ներս թէ դուրս օդային բուռն ռմբակոծումներու` թիրախաւորելով ապահով քաղաքայինները:

«Իսլամական դիմադրութիւնը կը յայտարարէ, թէ զինադադարին իր յանձնառութեան կողքին պիտի չտատամսի թշնամիին հողեր խլելու եւ իր բռնագրաւումը ընդլայնելու որեւէ փորձի դէմ դնել: Մեր մարտիկները ամբողջովին պատրաստ պիտի ըլլան դէմ դնելու թշնամիին` քարպալայական պաշտպանութիւն ցուցաբերելով իրենց հողերուն, ժողովուրդին եւ հայրենիքին, ինչպէս նաեւ հաւատարիմ մնալով Աստուծոյ եւ իրենց սիրելի ժողովուրդին խոստումին, ի գին ամէն զոհողութիւններու», շեշտեց Հըզպալլա:

 

Leave a Comment