Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ այցելեց Պէյրութի նաւահանգիստ` մասնակցելու համար լիբանանեան արտածումներու դէմ հաստատուած արգելքի ջնջումէն ետք լիբանանեան արտադրութիւններով բեռցուած առաջին բեռնարկղներու Սէուտական Արաբիոյ Ժետտայի նաւահանգիստ ուղարկման արարողութեան:
Վարչապետ Սալամ ըսաւ. «Այսօր Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ կը կանգնինք ականատեսը դառնալու Լիբանանի երկարատեւ սպասած պահու մը` Սէուտական Արաբիա լիբանանեան արտածումներու արգելքի վերացումէն ետք առաջին բեռնարկղներու Ժետտայի նաւահանգիստ ուղարկման»:
Սալամ ողջունեց Սէուտական Արաբիոյ նոր նշանակուած դեսպան Ֆահտ Տոսարին «իր երկրորդ երկիրին` Լիբանանի մէջ»:
«Այսուհետեւ երբեք պիտի չարտօնենք, որ Լիբանանը վերստին մեկնակէտ դառնայ մեր արաբ երկիրներուն որեւէ վնաս պատճառելու, այլ` անոնց անվտանգութեան, կայունութեան եւ բարգաւաճման գործընկեր մը պիտի ըլլայ», նշեց վարչապետը:
«Լիբանան կը պարծենայ Սէուտական Արաբիոյ հետ իր պատմական յարաբերութիւններով եւ բարձր կը գնահատէ տասնամեակներու ընթացքին Լիբանանի, անոր կայունութեան ու հաստատութիւններուն աջակցութեան մէջ անոր ղեկավարութեան դերակատարութիւնը», ըսաւ ան:
«Թագաւորութեան շուկաներ մեր վերադառնալը, Պեքայի, Հարաւի եւ Հիւսիսի հազարաւոր հողագործներու եւ ամէնէն դժուար պայմաններուն մէջ տոկացած գործարաններուն, ինչպէս նաեւ այս օրը երկար սպասած արտածողներուն յոյսի վերականգնում կը նշանակէ», ըսաւ ան:
Սէուտական Արաբիոյ նոր նշանակուած դեսպանը իր կարգին նշեց. «Սէուտական Արաբիոյ լիբանանեան արտածումներու ընդունումը վերականգնելու որոշումը կը հաստատէ անոր աջակցութիւնը Լիբանանի կայունութեան, գերիշխանութեան, անոր ժողովուրդի բարօրութեան եւ իր եղբայրներուն վնաս հասցնելու համար իբրեւ հարթակ չօգտագործուելուն»:
«Լիբանանեան պետութեան կատարած դրական քայլերուն հիմամբ, այսօր հաւաքուած ենք հետեւելու լիբանանեան արտածումներու առաջին խմբաքանակի Սէուտական Արաբիա ուղարկման» ըսաւ Տոսարի:
Միւս կողմէ, տնտեսութեան նախարար Ամեր Պսաթ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Արգելքէն առաջ Սէուտական Արաբիա կէս միլիառ տոլար արժողութեամբ արտածում կը կատարէինք, եւ աշխատանք կը տանինք այդ թիւը վերականգնելու, սակայն հարցը ժամանակի կը կարօտի»:
Պսաթ պատասխանելով սէուտցիներուն Լիբանան ճամբորդութեան դէմ հաստատուած արգելքի ջնջման մասին հարցումի մը ըսաւ. «Սէուտական Արաբիան այս հարցին նկատմամբ դրական տրամադրուած է, սակայն որոշ պայմաններով, որոնց գլխաւորը ապահովական կայունութիւնն է»: