Շաբաթ օր հարաւային Լիբանանի վրայ տեղի ունեցան իսրայէլեան բուռն յարձակումներ: Իսրայէլեան բանակը ուրբաթ օր յայտարարուած զինադադարի խախտման համար այպանեց Հըզպալլան:
Իսրայէլեան բանակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Լիբանանի եւ Իսրայէլի մէջ կայունութիւնը պիտի իրականանայ, եթէ Հըզպալլան դադրի զինադադարի համաձայնութիւնները խախտելէ»:
Իսրայէլացի զինուորական պաշտօնատար մը յայտարարեց, թէ իսրայէլեան բանակը կուսակցութեան շղթայազերծած յարձակումներէն ետք «Հըզպալլայի թիրախներ» կը հարուածէ:
«Հըզպալլան գիշերուան ընթացքին 50 հրթիռներ արձակեց», ըսաւ ան:
Լիբանանեան բանակը իր կարգին յայտարարեց, որ հարաւային Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումներու պատճառով զինուոր մը նահատակուած է: Իսրայէլեան օդային յարձակում մը զինուորը թիրախաւորած է Քֆարրման-Նապաթիէ ճամբուն վրայ:
«Իսրայէլեան վայրագ յարձակումներուն նպատակը խոչընդոտելն է որեւէ լուծում, որ Լիբանանի մէջ կայունութեան վերականգնում կ՛արտօնէ», նշեց բանակը:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ շաբաթ երեկոյեան հաղորդեցին. «Նեթանիահու բանակին կը հրամայէ Լիբանանի մէջ կրակոցը դադրեցնել եւ իր դիրքերուն վրայ մնալ»:
Երէկ հարաւային Լիբանանի գիւղերուն մեծամասնութեան մէջ զգուշաւոր հանդարտութիւն տիրեց: Բացառութիւն էր իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքի մը Նապաթիէ Ֆաուքայի եւ Քֆարթըպնիթի վրայ կատարած յարձակումները, այն պահուն, երբ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալ շրջան կ՛այցելէր: