Պըրրի. «Զինադադարին Նկատմամբ Հըզպալլայի Յանձնառութիւնը Կախեալ Է Զինադադարին Նկատմամբ Իսրայէլի Ամբողջական Եւ Համապարփակ Յանձնառութենէն»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի անդրադարձաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Իսրայէլի, Լիբանանի եւ Հըզպալլայի միջեւ զինադադարին վերաբերեալ յայտարարութեան եւ հաստատեց զինադադարի վերաբերեալ Լիբանանի դիրքորոշումն ու Հըզպալլայի յանձնառութիւնը, այնքան ատեն որ Իսրայէլ անոր նկատմամբ ամբողջական եւ համապարփակ կերպով յանձնառու է:

Պըրրիի այս դիրքորոշումը կը համընկնի Զուիցերիոյ մէջ Իրան-Միացեալ Նահանգներ բանակցութիւններու յաջողութեան նպաստելու ուղղուած մօտեցումին, մասնաւորաբար երկու կողմերուն միջեւ կնքուած փոխըմբռնման յուշագիրի առաջին կէտին վերաբերեալ, միաժամանակ ընդգծելով շրջանային կացութեան վերաբերող որեւէ փոխըմբռնման կամ համաձայնութեան նկատմամբ փոխադարձ յանձնառութեան կարեւորութիւնը:

 

 

Leave a Comment