Մաքրոն Նեթանիահուին Կոչ Կ՛ուղղէ` Լիբանանի Հարցին Մէջ «Պատասխանատուութիւն Եւ Ողջամտութիւն» Ցուցաբերելու

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն յայտնեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն պէտք է Լիբանանի հարցին մէջ «պատասխանատուութիւն եւ ողջամտութիւն» ցուցաբերէ:

Ան ըսաւ, որ հարաւային Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի վրայ յարձակումը «երկար ժամկէտի վրայ կը հակասէ Իսրայէլի շահերուն»:

Մաքրոն «Ֆրանս 2» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսաւ. «Հըզպալլան Իսրայէլի վտանգ կը ներկայացնէ, եւ ասիկա ամբողջովին ճիշդ է, սակայն Իսրայէլի պետութեան ապահովութիւնը կարելի չէ մերձակայ հողեր բռնագրաւելով երաշխաւորել»:

Ֆրանսայի նախագահը յայտնեց, որ Լիբանանի, Կազայի եւ Այսրյորդանանի մէջ Նեթանիահուի քաղաքականութիւնը «շրջանի բոլոր ժողովուրդներուն մօտ դժգոհութիւն եւ բռնութիւն կը հրահրէ»:

Մաքրոն նշեց, որ անգամ մը եւս պիտի ջանայ միջազգային ընտանիքը զօրաշարժի ենթարկել` «լիբանանեան բանակին իր հողերուն վերահսկողութիւնը վերականգնելու օգնելու համար»:

Leave a Comment