Լէյթեր. «Զինադադարին Յանձնառու Ենք Եւ Որեւէ Սպառնալիքի Պիտի Հակադարձենք»

Միացեալ Նահանգներու մէջ Իսրայէլի դեսպան Եխիէլ Լէյթեր յայտնեց, որ իր երկիրը պիտի շարունակէ լիբանանեան ճակատին վրայ զինադադարին յանձնառու մնալ, այնքան ատեն որ Հըզպալլան համաձայնութեան յանձնառու է: Այս մասին հաղորդեց «Ճուիշ Ինսայտըր»-ը:

Ան միեւնոյն ժամանակ շեշտեց, որ Իսրայէլ ինքն իրեն կը վերապահէ որեւէ յարձակումի կամ ապահովական սպառնալիքի հակադարձելու իրաւունքը:

Իսրայէլի դեսպանը այս յայտարարութիւնը կատարեց, մինչ Միացեալ Նահանգներ ջանք կը թափեն Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ Ուաշինկթընի մէջ ամերիկեան հովանաւորութեամբ բանակցութիւններու ընթացքին գոյացած զինադադարը ամրապնդելու:

 

Leave a Comment