«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատար մը լրատու գործակալութեան ըսած է.«Իսրայէլ հարաւային Լիբանանի մէջ իր հաստատած արգելակիչ գօտիի մէկ բաժինէն հեռացաւ` լիբանանեան կառավարութեան նկատմամբ բարի կամեցողութեան իբրեւ նշան»:
«Լիբանանեան բանակը այժմ պէտք է շարժի դէպի այն շրջան, ուրկէ Իսրայէլ հեռացաւ», նշած է պաշտօնատարը:
Լիբանանեան աղբիւր մը «Էլ.Պի.Սի.»-ին յայտնեց, որ «Ռոյթըրզ»-ի հաղորդած լուրը ճիշդ չէ:
Իսրայէլի պետական պատկերասփիւռի կայանը իր կարգին, ապահովական պաշտօնատար մը մէջբերելով, հաղորդեց. «Իսրայէլեան բանակը հարաւային Լիբանանէն չհեռացաւ եւ այդ առնչութեամբ որոշում տակաւին չէ տուած»:
Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած իսրայէլացի սպաներ իսրայէլեան «Իսրայէլ Հայոմ» օրաթերթին յայտնած են. «Դիրքէն հեռանալու որեւէ ցուցմունք չստացանք»:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 13-րդ կայանը, սակայն, հաղորդեց. «Իսրայէլ մօտ օրէն հարաւային Լիբանանի մէջ որոշ շրջաններէ պիտի հեռանայ»` աւելցնելով. «Իսրայէլ պիտի շարունակէ հարաւային Լիբանանի շրջաններուն մեծամասնութեան վերահսկել»:
Լաւատեղեակ աղբիւրներ «Նաշրա» կայքին յայտնեցին, որ Իսրայէլ իրապէս Ուաշինկթընը տեղեակ պահած է Ուազզանի եւ Այն Արապ շրջաններէն ու անոնց մերձակայքէն հեռանալու իր քայլերէն, սակայն իսրայէլեան բանակը այդ քայլերը չէ գործադրած: Պատճառները տակաւին յստակ չեն, ինչպէս նաեւ յստակ չէ, թէ հեռացումը յետաձգուա՞ծ է, թէ՞ ջնջուած:
Զինուորական աղբիւր մը «Արապի» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Իսրայէլեան բանակը պէտք էր Ուազզանի եւ Այն Արապ շրջաններէն հեռանար, սակայն ետդարձ կատարեց»: