Շըրրի. «Իսրայէլ Կ՛ուզէ Լիբանանցիներուն Միջեւ Պատերազմ Յառաջացնել»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ամին Շըրրի «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին վերահաստատեց Հըզպալլայի` Իսրայէլի հետ ուղղակի բանակցութիւնները մերժող դիրքորոշումը:

Շըրրի աւելցուց, որ Իսրայէլ կը փորձէ լիբանանցիներուն միջեւ պատերազմ յառաջացնել` իրագործելու համար այն, ինչ որ երկու պատերազմներու ընթացքին ձախողեցաւ իրագործել, եւ կը շարունակէ Լիբանանը մղել յաւելեալ զիջումներու:

Երեսփոխանը ըսաւ, որ լիբանանեան բանակին Լիթանի գետէն հարաւ տեղակայման Հըզպալլայի հաւանութիւնը պայմանաւորուած է շրջանէն իսրայէլեան ամբողջական հեռացումով:

 

Leave a Comment