Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ նշեց. «Յիշեցման կարգով. զինադուլի (1949 թուականի, «Ա.») համաձայնագիրը հիմնարար նշանակութիւն ունի Լիբանանի պետութեան եւ Իսրայէլի միջեւ յարաբերութիւններուն համար, որովհետեւ անիկա Թաէֆի համաձայնագիրին մէկ անբաժանելի մասը կը կազմէ:
«Անիկա նշուած է երդման արարողութեան խօսքին մէջ եւ ընդգծուած կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ: Սակայն, աւագ բանագնացները, Պաապտայի պալատի բարձրաստիճան խորհրդականներն ու վարչապետարանի մասնագէտներու խումբը որոշեցին զայն անտեսել, եթէ չըսենք ջնջել»: