Քումաթի. «Շրջագծային Համաձայնութեան Գործադրութիւնը Պիտի Չարտօնենք Եւ Մօտիկ Ապագային Կառավարութենէն Պիտի Չհրաժարինք»

Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի փոխնախագահ, նախկին նախարար Մահմուտ Քումաթի «Արապի Ժատիտ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Հըզպալլան սկիզբէն` նախքան շրջագծային համաձայնութեան գոյացումն ու ստորագրուիլը, մերժեց Ուաշինկթընի մէջ Լիբանան-Իսրայէլ բանակցութիւնը եւ յայտնեց, որ անոր բոլոր արդիւնքները մերժելի են, զանոնք չի ճանչնար եւ պիտի չյարգէ, եւ այդ դիրքորոշումը տակաւին նոյնն է»:

«Արդիւնքները սպասելի էին եւ զարմանալի չէին, յատկապէս այն բանէն ետք, երբ կառավարութիւնը` իր անդամներուն մեծամասնութեամբ, գործեց Դիմադրութեան զէնքին դէմ, անոր դէմ դաւադրութիւն կազմակերպեց եւ մէջքէն դանակահարեց այն ժամանակ, երբ մենք կ՛ենթարկուէինք յարձակումի եւ համբերատար ու լուռ էինք, նախքան Ուաշինկթըն երթալը եւ Դիմադրութեան դէմ դաւադրութիւնն ու գաղտնի համաձայնութիւնը աւարտին հասցնելը. գիտակցելով, որ ամերիկացիներն ու իսրայէլացիները յստակօրէն նշած են, որ բանակցութիւններու նպատակը Հըզպալլան զինաթափելն է», ըսաւ ան:

«Լիբանան Ուաշինկթըն գնաց, որպէսզի անոնց գործընկեր ըլլայ, եւ ուր Իսրայէլ ամերիկեան հովանաւորութեամբ ինքնիրեն հետ երկխօսութիւն կը կատարէր ու կը բանակցէր: Մեկնելով ասկէ, արդիւնքները նախատեսելի էին ու մերժելի. զանոնք չենք ճանչնար ու պիտի չճանչնանք, անկարելի է, որ գործադրուին, եւ մեռած ծնած համաձայնութեան գործադրութիւնը պիտի չարտօնենք, եւ անոր դէմ պիտի դնենք կարելի բոլոր միջոցներով եւ ճամբաներով», նշեց Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի փոխնախագահը:

«Այս իշխանութիւնը զայն գործադրելու կարողութիւնը չունի, եւ չենք գիտեր, թէ ինչպէ՛ս գնաց յանձնառու դառնալու առաքելութեան մը, որ չի կրնար կատարել, ապա այսօր, անմտութեամբ, դաւադրութեամբ կամ մեծ տգիտութեամբ Լիբանանէն իսրայէլեան հեռացումի խոստումներն ու յանձնառութիւնները կը կապէ Հըզպալլայի զինաթափման, երբ ինք ատիկա չի կրնար ընել», յայտնեց Քումաթի:

Ան նշեց, որ Հըզպալլան «մօտիկ ապագային» կառավարութենէն պիտի չհրաժարի:

«Համաձայնութիւնը փողոց դուրս գալու արժանի չէ, եւ պիտի չնախաձեռնենք որեւէ արարք, որ կայունութիւնը կը խանգարէ», ըսաւ Քումաթի` աւելցնելով. «Մեր գրաւը կը դնենք Իսլամապատի ու Զուիցերիոյ հոլովոյթին եւ Իրանի ճնշումին վրայ»:

 

 

Leave a Comment