Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահեր նշեց. «Իսրայէլի ռազմավարական նպատակը Լիբանանի հետ խաղաղութեան եւ բնականոն յարաբերութիւններու հաստատումն է»:
Ան ըսաւ, որ այս ձգտումը կարելի է, «պայմանով, որ Հըզպալլայի ճամբով Լիբանանի իրանեան բռնագրաւումին վերջ տրուի»:
«Վերջին համաձայնութիւնը երկու երկիրներուն հասարակաց մէկ ձգտումը կ՛արտացոլէ», յայտնեց Սահեր` նշելով. «Լիբանան իրանեան իրողական բռնագրաւումի տակ է, որ կը գործադրուի Հըզպալլա շարժումին կողմէ, իբրեւ Թեհրանի գործակատար»:
«Այս ազդեցութիւնն է, որ կուսակցութիւնը մղեց անցեալ մարտին Իսրայէլի վրայ երկրորդ յարձակումը շղթայազերծելու` ընդառաջելով Իրանի կողմէ ուղղակի ցուցմունքներու, ինչ որ ամբողջովին կը հակասէ լիբանանցի ժողովուրդի եւ լիբանանեան կառավարութեան փափաքներուն ու շահերուն», ըսաւ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարը:
Իսրայէլի նախագահ Իսհակ Հերցոկ իր կարգին յայտնեց. «Լիբանանի հետ շրջագծային համաձայնութիւնը խաղաղութեան ուղղութեամբ քայլ է»` նշելով, որ Թել Աւիւ Սուրիոյ հետ առողջ յարաբերութեան կը ձգտի: