Նախարարաց խորհուրդը երէկ Պաապտայի պալատին մէջ գումարեց ժողով մը, որուն օրակարգին վրայ կային վարչական կէտեր, շարք մը օրինագիծեր, նշանակումներ եւ պաշտօններու առնչուած թղթածրարներ, ինչպէս նաեւ արտասահմանի մէջ գումարուող ժողովներու եւ խորհրդաժողովներու մասնակցութեան դիմումներ:
Նախքան ժողովը տեղի ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի միջեւ երկկողմանի ժողով մը, որուն ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ քաղաքական իրադարձութիւններուն եւ երկրին ընդհանուր կացութեան, ինչպէս նաեւ տեղական մակարդակի վրայ բարձրացուած խնդիրներու:
Կրթութեան նախարար Ռիմա Քարամէ յայտարարեց, որ նախարարաց խորհուրդը ջնջած է 2025-2026 տարեշրջանի պրէօվէի եւ թեքնիք պաքալորէայի պետական քննութիւնները:
Քարամէ շեշտեց. «Աշակերտները զանց պիտի կացուցուին պետական քննութիւններէն եւ արձանագրուած աշակերտներուն յաջողութեան վկայագիր պիտի տրուի` հիմնուելով գնահատումի արդիւնքներուն վրայ, պայմանով, որ աշակերտը յաջողած ըլլայ ոչ նուազ քան 9,5 միջինով»:
Ան ըսաւ, որ անկախ, ձախողած կամ վկայականի հրատապ կարիք ունեցող աշակերտներուն արտակարգ քննութիւն պիտի կատարուի:
«Ապահովական ու զինուորական կողմերը ներկայ պայմաններուն մէջ անկարող են ապահովական երաշխիքներ տալու` քննութիւնները համահաւասար կերպով կատարելու համար», նշեց Քարամէ:
Նիստի աւարտին, տեղեկատուութեան նախարար Փոլ Մըրքոս յայտարարեց, թէ նախագահ Աուն նիստի ընթացքին «ընդգծեց իրաւունքին եւ լիբանանցիներուն միջեւ միասնականութեան ու զօրակցութեան կառչածութիւնը` ըսելով, որ ատիկա մեր ձեռքը եղող ամէնէն ուժեղ զէնքն է, եւ մեր պարտականութիւնն է տեղահանուածներուն կացութեան հետեւիլ: Ան յայտնեց, որ եթէ ապահովական կայունութիւնը հաստատուի, այդ մէկը ճամբայ պիտի բանայ արտերկրի լիբանանցիներու եւ զբօսաշրջիկներու վերադարձին, ինչ որ նախարարութիւններուն եւ սեփական վարչութիւններուն կը ստիպէ պատրաստ ըլլալ այդ շարժումին հետ քայլ պահելու»:
Տեղեկատուութեան նախարարը շեշտեց Տըքուենիի մէջ պահեստանոցի հրդեհի վերաբերեալ արդարադատական հետաքննութիւնը չկանխելու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ անոր արդիւնքները պիտի յայտարարուին, անմիջապէս որ հետաքննութիւնը աւարտի: