Աուն-Թրամփ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Նախագահական պալատը յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ շաբաթ գիշեր հեռաձայնած է հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ զինք շնորհաւորած Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ, Միացեալ Նահանգներու հովանաւորութեամբ, շրջագծային համաձայնութեան ստորագրութեան առիթով` ընդգծելով, որ իր երկիրը կը կանգնի Լիբանանի եւ լիբանանցի ժողովուրդի կողքին, եւ Լիբանանի մէջ ապահովութեան ու կայունութեան վերականգնման նպատակով աշխատանք կը տանի համաձայնութեան բոլոր կէտերու գործադրութեան համար:

Թրամփ Աունին վստահեցուցած է, թէ Միացեալ Նահանգներ որեւէ ջանք պիտի չխնայեն Լիբանանի գերիշխանութեան, անկախութեան, հողային ամբողջականութեան, պետութեան իշխանութեան տարածման եւ Լիբանանի կայունութեան որեւէ սպառնալիք դադրեցնելու համար:

Ան վստահեցուցած է, թէ Միացեալ Նահանգներ Լիբանանի կողքին կը կանգնին եւ պիտի նպաստեն լիբանանեան տնտեսութեան ու ապահովական օրինական ուժերու աջակցութեան:

Նախագահ Աուն իր կարգին մաղթած է, որ Միացեալ Նահանգներ արգիլեն համաձայնութեան որեւէ խախտում, մասնաւորաբար Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնեն անոր բռնագրաւած լիբանանեան հողերէն հեռացման համար:

Նախագահական պալատը նշեց, որ զրոյցի վերջաւորութեան Թրամփ Ուաշինկթընի մէջ նախագահ Աունի հետ մօտ օրէն հանդիպումին ակնարկած է:

«Էլ.Պի.Սի.»-ի տեղեկութեան համաձայն, հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը շատ դրական էր, եւ նախագահ Աուն զրոյցը աւարտած է ըսելով` «շուտով կը տեսնուինք»:

Leave a Comment