Աուն. «Խաղաղութեան Հաստատման Համար Հարցերը Միայն Բանակցութիւններու Ճամբով Կրնան Լուծուիլ»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան գործողութիւններու նախկին յատուկ յանձնակատար Սիկրիտ Քաակն ու Պալամանտ համալսարանի նախագահ Էլիաս Ուարաքի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, եւ անոնց հետ անդրադարձաւ Լիբանանի կացութեան եւ շրջանին ու աշխարհի մէջ արձանագրուող զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ «Լիբանանի եւ աշխարհի վրայ խաղաղութեան հաստատման համար ՄԱԿ-ի կատարած ջանքերուն եւ աջակցութեան, որ միջազգային կազմակերպութիւնը տարբեր ոլորտներու մէջ կը տրամադրէ լիբանանցի ժողովուրդին»:

Նախագահ Աուն յոյս յայտնեց, որ այս շաբաթ Հռոմի մէջ տեղի ունենալիք բանակցութիւնները ամերիկեան աջակցութեան շնորհիւ յառաջընթաց կ՛արձանագրեն, մինչ Իսրայէլ կը շարունակէ հարաւային Լիբանանի վրայ իր յարձակումները, ռմբակոծումներն ու աւերումները, «որովհետեւ կը կարծէ, թէ այդ ձեւով կրնայ իրագործել իր ճշդած նպատակները, ինչ որ ճիշդ չէ»:

«Նախապէս ըսի, թէ այդ ձեւը արդիւնքի պիտի չյանգի, եւ հարցերը միայն խաղաղութեան հաստատման համար բանակցութիւններու ճամբով կրնան լուծուիլ, բան մը, որ պատերազմը չի կրնար ապահովել: Պէտք է հասնիլ փոխըմբռնման, որուն երկու կողմերը համաձայն են, որպէսզի խաղաղութեան եւ կայունութեան յարմար ենթահող ըլլայ», նշեց նախագահը:

«Անկարելի է շարունակել յարձակումի քաղաքականութիւնը եւ խօսիլ խաղաղութեան ու անվտանգութեան մասին: Աշխարհի պատմական փորձառութիւնը յստակ կերպով ցոյց կու տայ, թէ պատերազմներն ու ուժը չեն յանգեցներ խաղաղութեան եւ կայունութեան, կամ ոչ պետական դերակատարներու վերացման», ընդգծեց ան` աւելցնելով. «Հետեւաբար, Իսրայէլ պէտք է փոխէ իր մօտեցումը, եթէ իսկապէս կ՛ուզէ իր ժողովուրդին համար անվտանգութիւն ու խաղաղութիւն եւ շրջանին համար կայունութիւն ապահովել»:

Հանրապետութեան նախագահը նաեւ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Ամիլիյա իսլամական միութեան պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ վարչական խորհուրդի նախագահ Մոհամետ Պայտունի:

«Ոմանք զիս կ՛այպանեն բանակցութեան եւ դիւանագիտութեան ընտրանքը որդեգրելուս համար, թէեւ բոլոր լիբանանցիները համաձայն են ճշդուած նպատակներուն` հեռացումին, տեղահանուածներու, գերիներու ու դիակներու տունդարձին եւ վերաշինութեան: Անհրաժեշտ է այս ուղին փորձել, երբ ձախողեցաւ պատերազմի ուղին, որ ապացուցեց, թէ ոչ ոք կրցաւ իր առաջնահերթութիւնները իրականացնել, եւ մարդկային ու նիւթական հսկայական կորուստներ արձանագրուեցան», ըսաւ ան:

«Ոչ թէ հարաւային Լիբանանի զաւակը ըլլալուս համար, այլ իբրեւ ամբողջ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ պատասխանատուութենէս մեկնած կ՛ընդգծեմ, թէ հարաւային Լիբանանի կամ Լիբանանի իրաւունքները պիտի չզիջիմ, ուստի «շրջագիծի բանաձեւ»-ին մէջ շեշտը կը դրուի լիբանանեան բոլոր հողերէն Իսրայէլի հեռացման վրայ, եւ վերջինս ստորագրեց զայն` նշելով, որ Լիբանանի մէջ ախորժակներ չունի», յայտնեց նախագահը:

Ան ըսաւ, որ Ուաշինկթըն իր այցելութեան ընթացքին Լիբանանի կացութիւնը պիտի բացատրէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին եւ անկէ պիտի խնդրէ Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնել, որպէսզի «շրջագիծի բանաձեւ»-ին մէջ լիբանանեան պահանջները գործադրէ` օգտուելու ամերիկեան վարչակազմին շրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու փափաքէն եւ այս ծիրին մէջ Լիբանանի դիրքը ամրապնդելու համար»:

Նախագահը «Էլտըրզ» խումբէն պատուիրակութիւն մը ընդունելով յայտնեց. «Շրջագծային բանաձեւը լաւագոյն կարելին է, եւ անոր նպատակը պատերազմը դադրեցնելն ու իսրայէլեան ուժերու իրենց բռնագրաւած լիբանանեան հողերէն հեռացումն է` սկսելով փորձառական շրջաններէն, որոնց շուրջ Ուաշինկթընի բանակցութիւններուն ընթացքին համաձայնութիւն գոյացաւ, եւ իսրայէլեան հեռացման զուգահեռ միաժամանակ լիբանանեան բանակը պիտի տեղակայուի», նշեց հանրապետութեան նախագահը:

«Իսրայէլ տակաւին կը մերժէ «շրջագծային բանաձեւ»-ը գործադրել», ըսաւ ան` յոյս յայտնելով, որ «Հռոմի մէջ վաղուան բանակցութիւնները գետնի վրայ շօշափելի քայլեր իրագործեն, իսրայէլեան հեռացումը եւ դատարկուած վայրերուն մէջ լիբանանեան բանակի տեղակայումը սկսի»:

«Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն պէտք է գիտակցի, թէ պատերազմը անվտանգութիւն չ՛իրագործեր, ուստի եւ որեւէ կայունութիւն միայն փոխըմբռնման ու համաձայնութեան ճամբով պիտի ըլլայ: Պատերազմը շարունակելը յաւելեալ սպանութենէն, քանդումէն ու տեղահանութենէն բացի այլ արդիւնք չունի», շեշտեց Աուն:

«Լիբանանցիները ընդհանրապէս եւ մասնաւորաբար հարաւային Լիբանանի բնակիչները ձանձրացան պատերազմէն եւ անհամբեր ապահովութեան կը սպասեն, եւ այդ ձգտումները գլխաւոր պատճառն էին, որ զիս մղեցին բանակցային նախաձեռնութեանս ձեռնարկելու, որովհետեւ չեմ ուզեր, որ երիտասարդ սերունդը տառապի այն ինչէն, որ մեր սերունդն ու մեզմէ առաջուանը տառապեցաւ», յայտնեց հանրապետութեան նախագահը:

«Անհրաժեշտ է Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնել, որպէսզի յարգէ «շրջագծային բանաձեւ»-ը, եւ արգելք հանդիսանալու համար, որ Լիբանանի կացութիւնը շահագործուի իսրայէլեան յառաջիկայ ընտրութիւններուն մէջ», ըսաւ ան:

«Լիբանանցիները, իրենց տարբեր համայնքներով, կ՛ուզեն իրենց դրացիներուն հետ ապահով ապրիլ, պայմանով, որ այդ դրացիներուն մօտ եւս նոյն փափաքը գտնուի», նշեց նախագահ Աուն:

 

Leave a Comment