Ժաշի. «Շրջագծային Համաձայնութիւնը Լիբանանեան Իշխանութեան Եւ Իսրայէլացի Թշնամիին Միջեւ Դիմադրութեան Ու Անոր Ժողովուրդին Դէմ Գործակցութիւն Կը Պարունակէ»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հիւսէյն Ժաշի յայտնեց. «Իսրայէլացի թշնամիի լիբանանեան պետութեան հետ ուղղակի բանակցութիւններուն համաձայն գտնուելուն նպատակը շրջանցելն էր փոխըմբռնման յուշագիրը (Միացեալ Նահանգներ-Իրան, «Ա.»), որ Լիբանանի մէջ զինադադար եւ բռնագրաւումի հեռացում կը նշէ: Իսլամական հանրապետութիւնը աշխատանք կը տանէր այս հոլովոյթին աջակցելու, ինչ որ լիբանանեան շահերուն կը ծառայէ»:

Երեսփոխանը քննադատեց հանրապետութեան նախագահն ու վարչապետը` նշելով, որ անոնք «բռնագրաւումի հեռացման հասնելու համար այդ յուշագիրին վրայ հիմնուելու փոխարէն` Լիբանանի տարածքին մէջ իսրայէլացի թշնամիի ներկայութիւնը կապեցին Դիմադրութեան զէնքին` «շրջագծային համաձայնագիր»-ին միջոցով, հաշուի առնելով, որ համաձայնագիր կը ներառէ Լիբանանի իշխանութիւններուն եւ իսրայէլացի թշնամիին միջեւ համագործակցութիւն` Դիմադրութեան եւ անոր ժողովուրդի դիմակայման գործին մէջ»:

Ան ըսաւ, որ շրջագծային համաձայնութիւնը նախարարաց խորհուրդին չներկայացուեցաւ եւ հասարակական կարծիքին չներկայացուեցաւ` հարց տալով, թէ ի՞նչ է ատոր պատճառը, եթէ իրապէս ի շահ Լիբանանի է, հանրապետութեան նախագահին ու վարչապետին կոչ ուղղելով յստակացնելու, թէ ինչի՛ շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է:

«Իշխանութիւնը զիջեցաւ լիբանանեան գերիշխանութիւնն ու իրաւունքները», ըսաւ ան եւ վկայակոչելով բռնագրաւումի ժամանակի կրճատման շուրջ վարչապետի յայտարարութիւնները, հարց տուաւ, թէ բանակցութիւններն ու դիւանագիտութիւնը անցնող փուլին ի՞նչ իրագործեցին:

Ժաշի նշեց, որ բանակցութիւններն ու դիւանագիտութիւնը չեն կրցած լիբանանեան հողերէն որեւէ մաս ազատագրել կամ զինադադար պարտադրել:

 

Leave a Comment