Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Եւրոպական միութեան դեսպանը` ընկերակցութեամբ Պելճիքայի, Կիպրոսի, Չեխիոյ, Ֆինլանտայի, Ֆրանսայի, Յունաստանի, Հունգարիոյ, Սպանիոյ, Շուէտի, Զուիցերիոյ, Քանատայի, Իտալիոյ, Նետերլանտներու, Աւստրալիոյ, Ռումանիոյ, Պուլկարիոյ, Դանիոյ, Գերմանիոյ, Նորվեկիոյ, Սլովաքիոյ, Բրիտանիոյ եւ Սլովենիոյ դեսպանները:
Եւրոպական Միութեան դեսպանը նշեց նախագահ Աունի Ուաշինկթըն յաջող այցելութեան կարեւորութիւնը` յայտնելով. «Ասիկա 17 տարիէ ի վեր առաջին անգամն է, որ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահը կ՛ընդունուի Միացեալ Նահանգներու նախագահին կողմէ, եւ կը կարծեմ, որ ասիկա պատմական պահ է, եւ կը յուսանք, որ նոր փուլի մը սկիզբը ըլլայ»:
Ան ըսաւ, թէ Լիբանան այսօր կը գտնուի խաչմերուկի վրայ եւ նոր գլուխի մը սկիզբը, եւ անոր ապագան կախեալ է երկու հիմնական բաներէ` անվտանգութեան ու կայունութեան ամրապնդում եւ ամուր հաստատութիւններու, ուժեղ տնտեսութեան վերականգնում, ինչպէս նաեւ իրականացուող բարեփոխումներ:
Նախագահ Աուն իր կարգին յայտնեց, որ Լիբանան Հարաւի մէջ գործող միջազգային ուժերը կը նկատէ յառաջիկայ փուլի իտէալական միջոցը, եւ եթէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ այդ հարցի պահանջած քայլերուն պատճառով անկարելի ըլլայ այդ ուժերը պահել, ապա պէտք է զանոնք փոխարինող ուժ մը ստեղծել` լիբանանեան բանակին հարաւային շրջանները մաքրելու, չպայթած նիւթերը վերցնելու եւ «շրջագիծի բանաձեւ»-ի գործադրութեան փուլին հետեւելու համար:
Ան Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն կոչ ուղղեց` անոր գործադրութեան աջակցելու, եւ Սպիտակ տան մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ իր հանդիպումը որակեց արդիւնաւէտ:
Աուն շեշտեց, որ ժամանակն է վերջնականապէս վերջ տալու պատերազմին` նկատի ունենալով տնտեսական աճ եւ տեղական ու օտար ներդրումներ ապահովելու համար անոր կարեւորութիւնը:
Նախագահ Աուն մաղթեց, որ փորձնական շրջաններու առաջին փուլի գործադրութենէն ետք այլ շրջաններ եւս ճշդուին, առ ի պատրաստութիւն լիբանանեան բոլոր հողերուն վրայ պետութեան գերիշխանութեան տարածման: