Արաղչի. «Լիբանանի Նկատմամբ Իսրայէլեան Գործելակերպի Շարունակումը Արեւմտեան Ասիոյ Անվտանգութիւնն Ու Կայունութիւնը Կ՛ենթարկեն Լուրջ Վտանգներու»

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի բուռն կերպով քննադատեց «Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումներու եւ Լիբանանի գերիշխանութեան ու հողային ամբողջականութեան ոտնահարման շարունակութիւնը»` նշելով, որ այդ գործելակերպի շարունակութիւնը արեւմտեան Ասիոյ շրջանի անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը կ՛ենթարկէ լուրջ վտանգներու:

 

Leave a Comment